ԺԱՄԱՑՈՅՑԻ ԴԷՄ ԱՆՊՏՈՒՂ ՄՐՑՈՒՄ ՄԸ

Սրընթաց, կարծէք թէ շտապօգնութեան ուղղաթիռի մը սլացքով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անցեալ շաբաթ հասաւ Անգարա, երբ Թուրքիա դեռ ինքզինք չէր վերագտած ահաւոր երկրաշարժէն ետք, երբ տակաւին դիակներ դուրս կը բերուէին փլատակներու տակէն, երբ բազմաթիւ այլ երկիրներէ հասած մասնագէտներու կողքին, Հայաստանէն ժամանած փրկարարներն ալ, բազմազբաղ, օրն ի բուն կը գործէին կեանք մը փրկելու համար՝ հետզհետէ չքացող յոյսով (անտեղի է այս գծով Երեւանի օժանդակութիւնը քննադատելը, որովհետեւ պատահածը բնութեան բերած կործանումն էր)։

Այո՛, արագ եղաւ Երեւանի կողմէ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակի տեսակցութիւնն ու յարաբերութիւններու կարգաւորման աշխատանքներուն զարկ տալը։ Անմիջապէս նշենք, որ յարաբերութիւն եզրը ունի երկու կողմի միջեւ բան մը ընելու իմաստ՝ մինչդեռ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ հազիւ թէ կարելի է երկու կողմ տեսնել…

Կարելի չէ այսպիսի պայմաններու մէջ «ֆութպոլի դիւանագիտութեան» հետեւողութեամբ ստեղծել կամ կերտել «երկրաշարժի քաղաքականութիւն» մը։ Լեռ ու ձոր կայ երկուքին միջեւ։ Մէկը, բնականէն անդին, այսպէս կոչուած՝ մարզական մթնոլորտի եւ հանդարտ պայմաններու մէջ ստեղծուած առիթ մըն էր, իսկ միւսը ժամացոյցի դէմ մրցումի մը տարողութիւնը ունի։ Փաստօրէն, ամէն օր աղէտի գօտիներէն հասած լուսանկարներն ու տեսերիզները ցոյց կու տան, թէ ինչպիսի՛ մրցում պէտք է կատարեն զանազան երկիրներէ ժամանած փրկարար մասնագէտները։

Դժբախտաբար, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կատարեց այլ ժամացոյցի դէմ մրցում մը, նոյնիսկ եօթն-օտարին միտքին մէջ հարցում ստեղծելով, թէ հիմա այդ խօսակցութիւններուն ժամանա՞կն է, երբ տակաւին ողջ էակներ կան աւերակներուն տակ։ Զարմանալի չէ նման վարքագիծ, որովհետեւ ամիսներ առաջ տեսանք, որ Միրզոյեանի «թաւիշէն հիւսուած» Տիգրան Աւինեանն ալ բաց ճակատով ընտրապայքարի մասին խօսեցաւ՝ Երեւանի մէջ պայթումի հետեւանքով փլատակ եղած շէնքի մը առջեւ:

Պահ մը թեթեւամիտ ու միամիտ ձեւանանք եւ հարց տանք. արդեօք Անգարա իսկապէս ձեռք պիտի երկարէ՞ր Երեւանին, ապա, Մարգարայի սահմանին բացման կողքին՝ խօսք պիտի հասկցնէ՞ր կամ հրահանգէ՞ր իր հլու կամակատարին՝ Պաքուին, որպէսզի ան ալ վերցնէ Արցախի շրջափակումը։ Միրզոյեան, դիւանագիտութեան «տիտան» մը, առիթը չօգտագործեց բառ մը արտասանելու Բերձորի ճամբուն փակման մասին: Աւելի՛ն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, թէ Մարգարայի ճամբուն բացման կողքին, համատեղ ջանքերով պիտի նորոգուի նաեւ երկու երկիրները միացնող՝ հազար ու մէկ եկեղեցիներուն նման կիսափուլ, ժամանակին «մետաքսի բանուկ ճամբայ» նկատուած Անիի կամուրջը։

Արցախի կապակցութեամբ միակ աննշան ու անուղղակի յայտարարութիւնը ըրաւ Չավուշօղլու, որ ըսաւ. «Մենք պէտք է պահպանենք այս համերաշխութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Կրկին, մենք շատ կը գնահատենք այս մարդասիրական գործելակերպը, որ կը նպաստէ նաեւ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին»։ Խոստովանինք՝ այս արտայայտութեան մէջ Արցախի մասին ակնարկութիւն մը տեսնելու համար կը կարօտինք կատարելագործուած մանրադիտակի մը:

Ուրիշ «հանճարեղ քաղաքագէտ» մը՝ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ամենայն ինքնվստահութեամբ կը նկատէ, թէ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրադրութիւնները այնպիսի կացութիւն մը ստեղծած են, որ աւելի հնարաւոր դարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Ըստ անոր, Ուքրայնայի պատերազմին պատճառով Արեւմուտք-Արեւելք ճակատումը այնպիսի իրավիճակ մը ստեղծած է, որ բազմաթիւ ճամբաներ փակ են, հետեւաբար, տնտեսական շահերու հեռանկարով՝ կարելի է արագացնել Թուրքիա-Հայաստան սահմանին պաշտօնական բացումը։ Հաւանաբար ի մտի ունի, որ Արեւմուտքի ամպարկոյին ենթակայ Ռուսաստան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վրայով իր վառելանիւթը կը հասցնէ Եւրոպա, ուր ա՛յլ տեսակի կուրութիւն տարածուած է զանգուածային մամուլին կողմէ: Կը մտածէ. ի՞նչ կ՚ըլլայ թերեւս մենք ալ պատառ մը ծամենք: Իսկ շահ երազող այս «տիտան»ը արդեօք հարց կու տա՞յ, թէ Արեւելք-Արեւմուտք ճակատումի բեմ Ուքրայնան ինչո՛ւ կը քանդուի, ինչո՞ւ հազարաւոր զոհեր կ՚իյնան…

Կայ աւելի՛ն. քաղաքական այնպիսի՜ ճկունութեամբ՝ կ՚երազէ կամ յոխորտանքով կը փորձէ գնդակը Թուրքիոյ դաշտը նետել՝ շեշտելով, թէ «թրքական կողմը եթէ բաւարար կամք եւ վճռականութիւն ցուցաբերէ, մենք, կը կարծեմ, այդ հարցը կը լուծենք»։

Վերադառնանք: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Անգարա ժամանած էր պատուիրակութեամբ մը, որուն մաս կը կազմէր հայ-թուրք խօսակցութիւններու ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան։ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարն ալ ներկայ եղաւ այլ պատուիրակութեամբ մը, որուն մաս կը կազմէր հայ-թուրք խօսակցութիւններու ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ։

Ուրեմն, անհատական չէր ժամացոյցի դէմ մրցումը, այլ՝ խմբային։ Իսկ յաղթակա՞նը։ Հետեւութիւն ընելը շատ դիւրին է, երբ ո՛չ մէկ խօսակցութիւն կը կատարուի աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր պաշարուած Արցախին մասին. Արցախ մը, որ 35 տարի առաջ տարբեր ձեւով՝ առանց մուրալու, այլ խիզա՛խօրէն կը պայքարէր։

Խմբագրական՝ Պոսթոնի «Հայրենիք»ի

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023