ԽՐԱԽՈՒՍԵԼ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի ենթարկուած պաշարման եւ այդ շրջափակումով պայմանաւորուած մարդասիրական աղէտին դէմ։ Ուր որ է երեք ամիսէ ի վեր Լեռնային Ղարաբաղ արդէն աշխարհէն կտրուած վիճակի մէջ է։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը հիւրընկալելու ժամանակ հերթական անգամ ուշադրութիւն հրաւիրեց այս տագնապին վրայ։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ընդգծուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակի հանգուցալուծման հրամայականը։

Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Արցախի ռուս խաղաղապահներուն եւ Կարմիր խաչի ջանքերով՝ մարդասիրական բնոյթով որոշ երթեւեկ մը ապահովուեցաւ Լաչինի միջանցքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան տարհանեցին 49 օտարահպատակ՝ ընդ որում 6-ը երեխայ։ Ըստ աւելի վերջ ընդգծուած մանրամասնութիւններուն, այդ օտարահպատակները Ռուսաստանի քաղաքացիներ կը հանդիսանան։ Նոյնպէս մարդասիրական թոյլտուութեան պայմաններուն ներքեւ հիւանդներ փոխադրուած են Արցախէն եւ քանի մը ինքնաշարժներով նաեւ՝ մարդասիրական բեռ։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցած է Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

Միւս կողմէ, ՄԱԿ յոյս յայտնեց, թէ Երեւան եւ Պաքու կը շարունակեն աշխատիլ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի բանբերը՝ Ստեֆան Տիւժարիք շեշտեց, որ պէտք է խրախուսել Երեւան-Պաքու շինիչ երկխօսութիւնը։ Բանբերը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Արդարադատութեան միջազգային ատեանին կողմէ հրապարակուած վերջին դատավճռին կապակցութեամբ, որով կը պահանջուէր Լաչինի միջանցքի փութով բացուիլը եւ Ատրպէյճանին կը հասցէագրուէին համապատասխան պահանջներ։ Արդարադատութեան միջազգային ատեանը, որ կը գործէ Լահէյի մէջ, ՄԱԿ-ի գերագոյն դատարանն է։ Այս կապակցութեամբ բանբերը յիշեցուց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես շեշտած է, թէ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումները ենթակայ են պարտադիր կատարման։ Ուստի, ան յոյս յայտնած է, թէ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի ապահովման համար պիտի ձեռնարկուին համապատասխան միջոցներու։

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023