ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ, ԱՅԼԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ՆՇԱՆՆԵՐ

Ռուսաստան-Ուքրայնա ճակատին վրայ միշտ տեղի կ՚ունենան կարեւոր իրադարձութիւններ։ Համընդհանուր երկար լռութեան շղարշը այս անգամ պատռուեցաւ Ռուսաստանի կողմէ, որ կարողացաւ նոր իրավիճակ մը ստեղծել՝ յատկապէս Ուքրայնայի հարաւային շրջաններուն մէջ եւ իր տիրապետութեան տակ առաւ ռազմաքաղաքական առումով մեծ կարեւորութեամբ Աւտեւքա քաղաքը։

Ճիշդ է, որ հակառակ այս կարեւոր յաջողութեան՝ Արեւմուտքը կը շարունակէ ժխտական յայտարարութիւններով թոյն թափել Մոսկուայի դէմ, սակայն մէկէ աւելի ռազմական դէտեր յայտնեցին, որ դաշտի վրայ արձանագրուած ռուսական յառաջխաղացումը անպայման պիտի ունենայ իր քաղաքական ցոլացումը։ Ու աւելի քան պարզ է, որ եթէ ճակատին վրայ Ռուսաստանի յաջողութիւնները շարունակուին, ապա սա պիտի ստեղծէ բանակցութեան նոր առիթ մը՝ մանաւանդ, որ Եւրոպայի կտրուածքով երեւելի սկսած են դառնալ յոգնութեան որոշ նշաններ, նոյնիսկ ներառեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պարագային։ Եւրոպա՝ յատկապէս Գերմանիան, առաջուան խանդավառութիւնը չունի ռազմական օգնութիւն ու մանաւանդ դրամական յատկացումներ կատարելու համար Քիեւին՝ թէեւ յայտարարութիւններու կամ խօսոյթի մէջ ոչինչ փոխուած է։ Իսկ ԱՄՆ, որ, գումարներ տրամադրելու ներուժը անշուշտ ունի, այս պահուն զբաղած է Կազզէի հարցով եւ գերակայ նպատակ դարձուցած է Իսրայէլին արագօրէն օգնութիւն փութացնելը։

Այս բոլորին զուգահեռ՝ աղաղակները կ՚ահագնանան, թէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմէն առաւել չափով պիտի տուժեն եւրոպական երկիրները, անշուշտ, Ուքրայնայէն ետք։ Անոնք աւելի ուշ պիտի հարկադրուին հաշուի նստելու իրենց սխալներուն, սխալ որոշումներուն հետ։ Հետեւաբար, նաեւ պահ մը պիտի մտածեն, որ եկած է իսկական ժամանակը առնուազն երկխօսութիւն մը սկսելու համար Ռուսաստանին հետ։ Բացի այս բոլորէն, կարգ մը վերլուծաբաններ բացայայտօրէն կը խօսին ուժանիւթի տագնապի մը մասին, որ համատարած կերպով զգալի պիտի դառնայ Եւրոպայի շարք մը կարեւոր երկիրներուն մէջ։

«Rystad Energy»ի վերլուծաբաններէն Ֆապիան Ռոնինկըն «Insider» պարբերականին մէջ հնչեցուցած է անանտեսելի մտահոգութիւններ։ «Եւրոպայի մէջ ուժանիւթի տագնապը վախ կը պատճառէ եւ խնդիրները աւելի կը խորացնէ: Կը կարծեմ՝ ներկայիս սա շատ վատ է, թերեւս ահաւոր բառը աւելի յարմար կ՚ըլլայ կացութիւնը նկարագրելու համար։ Եւրոպայի մէջ ուժանիւթի տագնապը պարտադրած է, որ Գերմանիան, Ֆրանսան եւ այլ երկիրներ անհանգստանան մատակարարումներու անբաւարարութենէն», կը մատնանշէ ան։

Ի պատասխան պատժամիջոցներուն՝ Ռուսաստան կրճատած է բնական կազի մատակարարումները դէպի Եւրոպա՝ «Հիւսիսային հոսք-1» կազամուղ խողովակաշարին միջոցաւ։ Այդ կրճատումը եղած է ընդամէնը 20 տոկոս, ինչ որ պատճառ դարձած է գիներու ահաւոր աճի։ Ռուսական ուժանիւթի պետական հսկան՝ «Կազփրոմ»ը յայտարարած է, որ Եւրոպայի մէջ բնական կազի սակագիները կրնան 60 տոկոսով բարձրանալ, որովհետեւ արտածումը կը շարունակէ նուազիլ։

2022 թուականի գարնան Հոլանտայի մէջ բնական կազի սակագիները հասած էին մրցանիշային մակարդակի։ Ելեկտրականութեան մէկ մեկաուաթ-ժամը 335 եւրոյի հասած էր։ Այս տուեալները «Reuters» գործակալութեան այդ ժամանակուան հաղորդումներով ալ հաստատուած էին։ 2022-էն ի վեր գիները ինկած են՝ մէկ մեկաուաթ-ժամի համար շուրջ 225 եւրոյի սահմանին։ Յամենայնդէպս, վերջին քանի մը տարիներուն սակագինը բարձրացած է շուրջ 300 տոկոսով։ Իրավիճակը կը վատթարանայ Նորվեկիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ մէջ։ Եւ այս պատճառով յաճախ կը յառաջանայ հասարակութեան մտահոգութիւնը, թէ կացութիւնը տակաւին որքա՞ն կրնայ վատթարանալ։ Վերլուծաբանը կը խորանայ այս չորս երկիրներու խնդիրներուն մէջ, որոնք, ըստ երեւոյթին, կը խորացնեն Եւրոպայի ուժանիւթի մատակարարման ճգնաժամը։

ՆՈՐՎԵԿԻԱ

Նորվեկիան, որ գրեթէ իր ամբողջ ելեկտրականութիւնը կը ստանայ ջրաելեկտրակայաններէ, յայտարարած է, որ կը նախատեսէ կրճատել ելեկտրականութեան արտածումը երաշտ գարունէն յետոյ։ Այս երկիրը Եւրոպա ելեկտրականութիւն արտածող յառաջատարներու շարքին է՝ իր արտադրանքի մօտ մէկ հինգերորդ մասը կ՚ուղարկէ հարեւան երկիրներ։ Եւրոպայի մէջ չոր եղանակէն յետոյ ջուրի ցած մակարդակը Նորվեկիոյ հարաւի ջրաելեկտրակայաններուն մէջ ստիպած է, որ կառավարութիւնը միջոցներ կիրառէ ներքին մատակարարումները պահպանելու համար։

Նորվեկիոյ նաւթի եւ ուժանիւթի նախարար Թերիէ Աասլանտ յայտարարած է, որ կառավարութիւնը առաջնահերթութիւն պիտի տայ իր ջրապահեստները լեցնելու, այլ ո՛չ թէ դէպի Եւրոպա ելեկտրականութիւն արտածելու։ Ըստ վերլուծաբանին, սա իսկապէս մեծ խնդիր մըն է։

ԳԵՐՄԱՆԻԱ

2023-ին չտեսնուած տագնապը Գերմանիոյ մէջ յանգեցուցած է Հռենոսի (Գերմանիոյ ամենայայտնի գետն է, Ռէն) ջուրի մակարդակի կտրուկ անկման։ Հռենոսը կարեւոր զարկերակ է ամբողջ Եւրոպայի ապրանքներու հոսքերուն համար։ Գերմանիոյ ջրային դաշնակցային իշխանութիւններու տուեալներով՝ գետերու մակարդակը Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ արտասովոր ցած մակարդակի իջած է եւ անկումը կը շարունակուի։ Ջուրի ցած մակարդակը ազդած է Գերմանիոյ երկու ելեկտրակայաններու՝ Մանհէյմի եւ Քարլսրուէի ածուխի մատակարարման վրայ։

Երբ Ռուսաստան կրճատեց բնական կազի մատակարարումները դէպի Եւրոպա «Հիւսիսային հոսք-1» առանցքային կազամուղով, Գերմանիա եւ միւս երկիրները սկսան իրականացնել՝ անգործութեան մատնուած ածուխի ելեկտրակայաններու գործարկման ծրագիրներ, որպէսզի մեղմացնեն մատակարարումներու անբաւարարութիւնը։

Ածուխը վճռական նշանակութիւն կ՚ունենայ Եւրոպայի ուժանիւթի մատակարարման համար, եթէ Ռուսաստան ամբողջութեամբ դադրեցնէ բնական կազի մատակարարումները։

ՖՐԱՆՍԱ

Համաշխարհային միջուկային միութեան տուեալներով՝ Ֆրանսան, որ իր ելեկտրականութեան մօտաւորապէս 70 տոկոսը կը ստանայ աթոմակայաններէն, աշխարհի ելեկտրականութեան ամենամեծ արտածողն է՝ արտադրութեան ցած արժէքին պատճառով։ Բայց Ֆրանսա ստիպուած է ներմուծել աւելի շատ ելեկտրականութիւն, որովհետեւ կը պայքարի իր միջուկային կառոյցներու աշխատանքի խափանումներուն դէմ։ Անոնց կէսը անջատուած է, ինչ որ կը յանգեցնէ գիներու աճի։ Ֆրանսական աթոմային ելեկտրակայաններուն թոյլատրուած է խախտել բնապահպանական կանոնները, որպէսզի կարողանան շարունակել աշխատիլ, պահպանել ելեկտրականութեան կայուն արտադրութիւնը երկրին մէջ եւ բնական կազ խնայել ձմրան համար։

Ֆրանսայի միջուկային անվտանգութեան իշխանութիւնները արտօնած են ժամանակաւոր բացառութիւն, հինգ ելեկտրակայանի թոյլ տրուած է գետերը թափել արտօնեալէն աւելի շատ տաք ջուր։ Սովորական ժամանակներուն, ըստ ֆրանսական բնապահպանական չափանիշներուն, աթոմակայանները պէտք է նուազեցնեն կամ դադրեցնեն արտադրութիւնը, երբ մերձակայ գետերու ջերմաստիճանը բարձրանայ այն կէտին, ուր արդէն կրնայ վնասակար դառնալ շրջակայ միջավայրին։

Եւրոպայի աթոմային ուժանիւթի ամենամեծը՝ EDF ընկերութիւնը յայտարարած է, որ ձմրան արտադրութիւնը կ՚աւելնայ։ Բայց եւ այնպէս, տակաւին կարգ մը հարցեր կը մնան անորոշ։

«Շուկայի մասնակիցներուն համար դժուար է մինչեւ վերջ հաւատալ, որովհետեւ Ֆրանսայի մէջ ելեկտրականութեան գիները ձմրան շատ աւելի բարձր են Գերմանիոյ բաղդատմամբ», ընդգծած է մասնագէտը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2024