ԽՈՐԱԹԱՓԱՆՑ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Սե­փա­կան լրա­տուու­թիւն.-

«Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը. հե­տա­զօ­տու­թեան հա­րիւր տա­րի» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղո­վը ե­րէկ շա­րու­նա­կուե­ցաւ Փա­րի­զի մէջ։ Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ կազ­մա­կեր­պուած այս գի­տա­ժո­ղո­վը կը դա­սուի 2015-ի տա­րե­լի­ցին շրջագ­ծով Սփիւռ­քէ ներս կազ­մա­կեր­պուած կա­րե­ւոր ու ծա­ւա­լուն ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քին։ Խո­րա­թա­փանց աշ­խա­տանք կը տա­րուի մշա­կուած ծրագ­րին շրջագ­ծով։ Հայ եւ մի­ջազ­գա­յին մաս­նա­գէտ­նե­րու ա­ռըն­թեր թուրք մտա­ւո­րա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւնն ալ տար­բեր տա­րո­ղու­թիւն մը կը վե­րագ­րէ այս գի­տա­ժո­ղո­վին, ո­րու աշ­խա­տանք­նե­րը ե­րէկ շա­րու­նա­կուե­ցան խտա­ցեալ թա­փով։ Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նի մեծ ամ­փի­թատ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մէն վերջ, գի­տա­ժո­ղո­վի ե­րէ­կուան հանգ­րուա­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Փա­րի­զի Հրէից ող­ջա­կիզ­ման թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ։ Օրուան սկիզ­բին հիւ­րըն­կալ հաս­տա­տու­թեան ա­նու­նով ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Սո­ֆի Նա­ժիս­քար։ Այս առ­թիւ ան բա­ցատ­րեց, որ 2013 թուա­կա­նէն ի վեր Շոա­յի թան­գա­րա­նէն ներս հա­մե­մա­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կը կա­տա­րուին Հո­լո­քոս­տի, Հա­յոց եւ Ռուան­տա­յի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Այս նիւ­թե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ կը կազ­մա­կեր­պուին նաեւ գի­տա­ժո­ղով­ներ։ Սո­ֆի Նա­ժիս­քար դի­տել տուաւ, որ բա­րո­յա­գի­տա­կան հիմ­քի մը վրայ յա­ռաջ կը տա­նին աշ­խա­տան­քը եւ մար­դոց ապ­րած ցա­ւե­րը կ՚ու­սում­նա­սի­րեն՝ ա­ռանց նուի­րա­պե­տու­թիւն մը հաս­տա­տե­լու ա­նոնց մի­ջեւ։

Օ­րուան ա­ռա­ջին նիս­տը խո­րագրուած էր՝ «Ժա­մա­նակ-տա­րա­ծու­թիւն, ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին հանգ­րուան­նե­րը»։ Նիս­տը վա­րեց Ա­նէթ Պեքէր։ Զե­կու­ցում­նե­րով հան­դէս ե­կան՝ Աք­րո­նի հա­մալ­սա­րա­նէն պատ­մա­բան Ժա­նէթ Քլայն, Փո­լոնս­քիի ա­կա­դե­միայէն պատ­մա­բան Էր­տալ Քայ­նար, պատ­մա­բան Քլէր Մու­րա­տեան, Ան­գա­րա­յի հա­մալ­սա­րա­նէն Սա­յիտ Չեթի­նօղ­լու։ Զե­կու­ցում­նե­րէն վերջ ընդ­հա­նուր մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Սթե­ֆան Աս­տու­րեան։

Ժա­նէթ Քլայն զե­կուց­ման մէջ լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ Ապ­տիւլ­հա­միտ Բ.-ի ժա­ռան­գու­թիւ­նը։ Ան բա­ցատ­րեց, որ այդ տա­րի­նե­րուն Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան տե­սա­կա­ւո­րու­թիւ­նը կա­ռա­վա­րե­լու ժա­մա­նակ ընդ­հան­րա­պէս որ­պէս չա­փա­նիշ կ՚ըն­կա­լուէր տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան սկզբուն­քը։ Այս ա­ռու­մով, փոք­րա­մաս­նա­կան կարգ մը ի­րա­ւունք­նե­րը սկսան նկա­տուիլ որ­պէս սպառ­նա­լիք։ Հա­յե­րը կը բնա­կէին մայ­րա­քա­ղա­քէն հե­ռու քա­ղաք­նե­րու մէջ, ո­րոնք ար­դէն կը կա­ռա­վա­րուէին դժուա­րու­թեամբ։ Հե­տե­ւա­բար, ա­նոնք աստ­իճա­նա­բար սկսան մաս կազ­մել վե­րո­յի­շեալ սպառ­նա­լի­քի ըն­կալ­ման ծի­րին։ Ժա­նէթ Քլայն դի­տել տուաւ, թէ իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Ապ­տիւլ­հա­միտ Բ.-էն ժա­ռան­գած էր՝ տա­րած­քա­յին կո­րուստ­նե­րը կան­խե­լու, կեդ­րո­նա­ձիգ ղե­կա­վար­ման եւ երկ­րի ինք­նիշ­խա­նու­թեան նման ղե­կա­վար­ման ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։

Էր­տալ Քայ­նար խօ­սե­ցաւ օս­մանեան ընդ­դի­մու­թեան, Իթ­թի­հա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան եւ 1908 թուա­կա­նի յե­ղա­փո­խու­թեան շուրջ։ Ան ը­սաւ, թէ Ապ­տիւլ­հա­միտ Բ.-ի դէմ հա­սա­րա­կաց պայ­քա­րի ծի­րէն ներս հայ­կա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը դա­շինք կազ­մած էին իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րուն դէմ։ Այդ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ող­ջու­նե­ցին 1908 թուա­կա­նի յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը՝ շատ դրա­կան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րով։ Բայց եւ այն­պէս, հա­մա­մարդ­կա­յին բա­նա­ձե­ւում­ներ զար­գաց­նե­լու ջան­քե­րով հան­դերձ, Իթ­թի­հա­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը փա­փա­քե­ցաւ կայս­րու­թիւ­նը խարս­խել թուրք եւ մահ­մե­տա­կան տար­րե­րու հի­ման վրայ։ Այս հան­գա­ման­քը ար­գելք հան­դի­սա­ցաւ հա­մա­մարդ­կա­յին ո­րա­կի ա­պա­հով­ման եւ իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րը հետզ­հե­տէ որ­դեգ­րե­ցին հա­կա­հայ կե­ցուածք մը։

Քլէր Մու­րա­տեան բա­ցատ­րեց, որ 1878-1914 թուա­կան­նե­րուն եւ­րո­պա­կան պե­տու­թիւն­նե­րը մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց հար­ցե­րով կը մի­ջամ­տէին Օս­մա­նեան պե­տու­թեան։ Այդ մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը Ե­րիտ թուր­քե­րու իշ­խա­նու­թիւ­նը տա­րաւ ար­մա­տա­կան գծի մը։ Երբ ա­րե­ւե­լեան նա­հանգ­նե­րուն մէջ բա­րե­փո­խում­նե­րը չէին գոր­ծադ­րուեր, եւ­րո­պա­կան պե­տու­թիւն­նե­րը թափ կու տա­յին ի­րենց մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րով, ինչ որ Ե­րիտ թուր­քե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ սկսած էր տեղ գրա­ւել որ­պէս վի­րա­ւո­րանք։ Սա միեւ­նոյն ժա­մա­նակ փո­խա­դար­ձու­թեան զգա­ցում մը կը յա­ռա­ջաց­նէր։ Քլէր Մու­րա­տեա­նի խօս­քով, Ա­րե­ւել­քի խնդի­րը հետզ­հե­տէ սա­հե­ցաւ դէ­պի ա­րե­ւե­լեան Ա­նա­տո­լու, ինչ որ զգա­ցա­կան կու­տա­կում մը յա­ռաջ­ցուց իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րու մօտ եւ պատ­ճառ դար­ձաւ հա­յոց պա­րա­գա­յին ա­նոնց ար­մա­տա­կան կէ­տի մը եր­թա­լուն։

Սթե­ֆան Աս­տու­րեան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ զու­գա­հե­ռա­կան­նե­րու ակ­նար­կեց 1909 եւ 1915 թուա­կան­նե­րուն ապ­րուած­նե­րուն մի­ջեւ։ Իր կար­գին, Քլէր Մու­րա­տեան ա­ւել­ցուց, որ թէեւ հայ­կա­կան հար­ցի մեկ­նար­կը ընդ­հան­րա­պէս կ՚ըն­դու­նուի 1878 թուա­կա­նի Պեր­լի­նի խորհր­դա­ժո­ղո­վը, սա­կայն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ այդ գոր­ծըն­թա­ցը ծնունդ ա­ռած է Խրի­մի պա­տե­րազ­մով։ Ար­դա­րեւ, երբ ծա­գած էր պա­տե­րազ­մը, Կով­կա­սէն ա­պաս­տա­նած գաղ­թա­կան­նե­րը տե­ղա­կա­յուած էին հա­յաբ­նակ քա­ղաք­նե­րու եւ մայ­րա­քա­ղաք Իս­թան­պու­լի մեր­ձա­կայ­քին։

Սա­յիտ Չե­թի­նօղ­լու ա­ռա­ւել չա­փով կանգ ա­ռաւ «Թեշ­քի­լա­թը մահ­սու­սա»ի վրայ եւ ար­մա­տա­կա­նօ­րէն հար­ցաքն­նեց ա­նոր ա­ղեր­սը՝ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն հետ։

Ճորճթաու­նի հա­մալ­սա­րա­նէն Մուս­թա­ֆա Աք­սա­քալ եւս զե­կու­ցում մը պի­տի ներ­կա­յաց­նէր այս նիս­տին ըն­թաց­քին, սա­կայն բա­ցա­կա­յե­ցաւ ա­կա­մայ։ Իր խօս­քը փո­խան­ցուե­ցաւ գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն։ Ան այս շրջագ­ծով կանգ ա­ռաւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան Ա. աշ­խար­հա­մար­տի մաս­նակ­ցու­թեան փու­լին վե­րա­բե­րեալ հան­գա­մանք­նե­րուն վրայ, 1914-1915 թուա­կան­նե­րուն կտրուած­քով։ Մուս­թա­ֆա Աք­սա­քա­լի հա­մոզ­մամբ, երբ Օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը մաս­նակ­ցած էր հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի մը, ա­պա երկ­րէն ներս առ­կայ ներ­քին լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րը սաստ­կա­նա­լով վե­րա­ծուած էին քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի մը։ Պա­տե­րազ­մը խան­գա­րած էր Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան հա­սա­րա­կա­կան դրուած­քը։ Ուս­տի, հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի անվս­տա­հե­լի տա­րրեր դա­սուիլ սկսան հա­յե­րը, յոյ­նե­րը, ա­րաբ­ներն ու հրեա­նե­րը։

Գի­տա­ժո­ղո­վի յետ­մի­ջօ­րէի նիս­տը վա­րեց «Տէր Շփի­կէլ» գեր­մա­նա­կան թեր­թի նախ­կին աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Վոլֆ­կանկ Կուսթ։ Վկա­յու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ նիստ մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին զե­կու­ցեց Ցիւ­րի­խի հա­մալ­սա­րա­նէն Հանս-Լու­քաս Քայ­զէր։ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ար­խի­ւի տնօ­րէն Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեա­նի ալ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած էր, սա­կայն ան ա­ռող­ջա­պա­հա­կան պատ­ճառ­նե­րով բա­ցա­կա­յե­ցաւ։ Ի­րեն փո­խա­րէն ար­տա­յայ­տուե­ցան Քլէր Մու­րա­տեան եւ Ռայ­մոն Գէոր­գեան։ Նիս­տին որ­պէս վի­ճար­կող մաս­նակ­ցե­ցաւ Լոն­տո­նի «Կո­մի­տաս» կա­ճա­ռի տնօ­րէն Ա­րա Սա­րա­ֆեան։

Հանս Լու­քաս Քայ­զէր զե­կու­ցում մը ներ­կա­յա­ցուց եւ­րո­պա­ցի եւ ա­մե­րի­կա­ցի վկա­նե­րու մա­սին։ Ըստ ի­րեն, բնա­կա­նա­բար 1915-ին ապ­րուած­նե­րուն ա­ռա­ջին վկա­նե­րը հա­յերն էին, սա­կայն կայ նաեւ եր­կու խումբ, ո­րու վկա­յու­թիւն­նե­րուն կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ա­նան­տե­սե­լի է։ Այդ խում­բե­րուն մաս կը կազ­մեն մի­սիո­նա­րա­կան կա­ռոյց­ներն ու գեր­մա­նա­ցի եւ ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը։ Մի­սիո­նար­նե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս ան ա­ռանձ­նա­ցուց բո­ղո­քա­կան մի­սիո­նար Եո­հան­նէս Լեփ­սիու­սի վկա­յու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց վե­րագ­րեց մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Ըստ Հանս Լու­քաս Քայ­զէ­րի, մի­սիո­նար­նե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կ՚ընդգր­կէին քա­րոզ­չու­թեան եւ քրիս­տո­նէա­կան զօ­րակ­ցու­թեան հե­տա­մուտ տար­րեր։ Ճիշդ այս ա­ռու­մով է, որ Լեփ­սիու­սի վկա­յու­թիւն­նե­րը ու­նին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ ան այդ վկա­յու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցած էր ա­կա­մայ ու իր փա­փաքն էր՝ Գեր­մա­նիոյ յաղ­թա­կան դուրս գա­լը պա­տե­րազ­մէն։ Բաց աս­տի, Քայ­զէր ընդգ­ծեց, որ Գեր­մա­նիոյ ար­խիւ­ներն ալ կը ներ­կա­յաց­նեն կա­րե­ւո­րու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ Գեր­մա­նիան Օս­մա­նեան պե­տու­թեան դաշ­նա­կիցն էր։

Ռայ­մոն Գէոր­գեան բա­ցատ­րեց, որ այդ շրջա­նին փրկուած­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս հա­ւա­քուած էին ե­րեք գօ­տի­նե­րու մէջ։ Ա­ռա­ջի­նը՝ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւելքն էր (Սու­րիա եւ Պա­ղես­տին), երկ­րորդն էր՝ Կով­կա­սը եւ եր­րոր­դը՝ Իս­թան­պուլն ու մեր­ձա­կայ­քը։ Ըստ Գէոր­գեա­նի այս հան­գա­ման­քը ա­պա­հո­ված է, որ պա­տե­րազ­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ շատ դառն վի­ճա­կի մէջ առ­նուած նո­թե­րու հի­ման վրայ ստեղ­ծուի հա­յոց վկա­յու­թիւն­նե­րու մեծ հա­մա­լիր մը։ Ա­ռա­ջին կա­րե­ւոր հայ­կա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րը հա­ւա­քուած էին Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ ստեղ­ծուած գրա­սե­նեա­կի մը մի­ջո­ցաւ՝ 1918 թուա­կա­նի հրա­դա­դա­րին յա­ջոր­դած ժա­մա­նա­կա­-հատուա­ծին։ Երկ­րորդ կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք մը տարուած էր Հա­լէ­պի մեր­ձա­կայ­քին, Ա­րամ Ան­տո­նեա­նի կող­մէ։ Հա­յոց վկա­յու­թիւն­նե­րուն երկ­րորդ կա­րե­ւոր բա­ժի­նը կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի ար­խիւ­նե­րուն մէջ։ Ա­նոնք կազ­մուած են Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան Պա­քուի կո­մի­տէին կող­մէ։ Իր կար­գին, Քլէր Մու­րա­տեան շեշ­տեց, որ Հա­յաս­տա­նի ար­խիւ­նե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րը կ՚ըն­ձե­ռեն բաղ­դա­տա­կան ամ­բողջ մը ու կ՚ընդգր­կեն նաեւ վկա­յու­թիւն­ներ՝ 1915 թուա­կա­նին նա­խոր­դած կեան­քին շուրջ։

Գի­տա­կան նիս­տի հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բաժ­նին ըն­թաց­քին ունկն­դիր­նե­րու ուղ­ղած հար­ցում­նե­րուն հի­ման վրայ Վոլֆ­կանկ Կուսթ անդ­րա­դար­ձաւ իր տե­սա­կէտ­նե­րուն՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան շրջագ­ծով Գեր­մա­նիոյ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ա­ռըն­չու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, գեր­ման­նե­րը իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մղած էին զի­նուո­րա­կան շարժ­ման եւ ա­նոնց խրա­խու­սան­քը ար­մա­տա­կա­նա­ցու­ցած էր իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րը։ Ձեռ­նար­կուած զի­նուո­րա­կան շար­ժում­նե­րու ձա­խող­ման հե­տե­ւան­քով իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րու ար­մա­տա­կա­նաց­ման մա­կար­դա­կը բարձ­րա­ցած էր, սա­կայն Վոլֆ­կանկ Կուս­թի խօս­քե­րով՝ գեր­ման­նե­րը չէին պաշտ­պա­նած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ու չէին տուած նման խոր­հուրդ մը։ Ըստ ի­րեն, գեր­ման­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը սահ­մա­նա­փա­կուած է այն հան­գա­ման­քով, որ ա­նոնք ի զօ­րու էին ա­մէն ին­չը կան­խե­լու, սա­կայն այդ բա­նին ար­գելք չէին հան­դի­սա­ցած։

Փա­րի­զի գի­տա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին նաեւ այ­սօր։ 

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2015