ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ԳԻՆԻԻ ՕՐԵՐ» ՓԱՌԱՏՕՆ

Ե­թէ նա­խա­պէս Հա­յաս­տա­նը կը նոյ­նա­ցուէր միայն քո­նիա­քի հետ, այ­սօր, սա­կայն,  աշ­խար­հի մէջ իր տե­ղը ու­նի նաեւ հայ­կա­կան գի­նին: Euromag պար­բե­րա­կա­նը խոր­հուրդ կու տայ մա­յի­սեան տօ­նե­րը ան­ցը­նել հայ­կա­կան՝ կար­միր կամ սպի­տակ եւ կամ վար­դա­գոյն գի­նիի մէկ գա­ւա­թի շուրջ:

Տա­րուէ տա­րի Հա­յաս­տա­նը ա­ւե­լի մեծ պա­հան­ջարկ կը վա­յե­լէ ճա­նա­պար­հորդ­նե­րու մէջ։ Զբօ­սաշր­ջու­թեան մաս­նա­գէտ­նե­րը կ՚ա­ռա­ջար­կեն մա­յի­սեան տօ­նե­րը ան­ցը­նել Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Հա­յաս­տա­նը ու­նի անկրկ­նե­լի խո­հա­նոց, գե­ղա­տե­սիլ վայ­րեր եւ հիա­նա­լի գի­նի, կը գրէ  Euromag ամ­սա­գի­րը: Այս տա­րի Ե­րե­ւա­նի մէջ Մա­յիսի 5-6 թուա­կաններուն, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի «Գի­նիի օ­րեր» փա­ռա­տօ­նը: Քա­ղա­քի կեդ­րո­նը պի­տի վե­րա­ծուի հսկա­յա­կան հար­թա­կի մը, ուր պի­տի ըլ­լան հա­մերգ­ներ՝ յայտ­նի կա­տա­րող­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին վար­պե­տու­թեան դա­սեր եւ, ի հար­կէ, հայ­կա­կան գի­նիի համ­տես:

«Ա­ռա­ւել յա­ճախ Հա­յաս­տա­նի հետ կը նոյ­նա­ցուի մուգ կա­նաչ շի­շի մէջ լե­ց-ւած յայտ­նի հինգ աստ­ղա­նի հայ­կա­կան քո­նիա­քը: Ի դէպ, քի­չե­րը գի­տեն, որ Հա­յաս­տա­նը, ա­ռա­ջին հեր­թին, գի­նե­գոր­ծու­թեան հա­զա­րա­մեայ պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող եր­կիր մըն է: Այս­տեղ՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ, Ա­րե­նիի քա­րան­ձա­ւին մէջ յայտ­նա­բե­րուած էր աշ­խար­հի հնա­գոյն գի­նե­գոր­ծա­րան­նե­րէն մէ­կը: Հա­յաս­տա­նը յայտ­նի է ոչ միայն կար­միր եւ սպի­տակ, այ­լեւ՝ վար­դա­գոյն գի­նի­նե­րով: Այ­սօր Հա­յաս­տա­նի գի­նին նշա­նա­ւոր է», գրած է պար­բե­րա­կա­նը:

Այս գար­նան Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի ներ­կա­յա­ցուին հայ­կա­կան գի­նիի լա­ւա­գոյն նմոյշ­նե­րը: Եր­կու օր քա­ղա­քի կեդ­րո­նը պի­տի լե­ցուի տե­ղա­կան ար­տադ­րան­քով եւ ե­րե­ւա­նեան լա­ւա­գոյն ճա­շա­րան­նե­րու ու­տեստ­նե­րու յա­տուկ ա­ռա­ջարկ­նե­րով: Փա­ռա­տօ­նը կազ­մա­կեր­պած է «Ա­րե­նի փա­ռա­տօն» հիմ­նադ­րա­մը՝ խո­հա­րա­րա­կան քննա­դատ Ան­նա Մազ­մա­նեա­նի եւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ա­ջակ­ցու­թեամբ:

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2017