ԶԵԿՈՅՑ
Մերազն համայնքի սիրեցեալ զաւակներ,
Հաւաքական մեր կեանքէն ներս վերստին կը դիմագրաւենք դժուարութիւններ։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ալեկոծումներուն վրայ վերջին օրերուն նոր երեսակներ աւելցան՝ Հոգեւորականաց համագումարի կողմէ տեղապահի ընտրութեան փուլին։ Մեր համայնքը մատնուած է փակուղիի մը եւ առկայ տագնապին յաղթահարումը կախում ունի մեր բոլորի միասնական ջանքերէն։ Շուրջ ինն տարի առաջ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս միջանկեալ շրջան մը սկսաւ՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի անողոք հիւանդութեան հետեւանքով։ Սա եղաւ անցումային այնպիսի շրջան մը, որ եկաւ պարտադրել իր իսկ ուրոյն հաւասարակշռութիւնները։ Անցումային շրջանը ալեկոծումներէ զերծ յառաջ տանելու համար անհրաժեշտ էր գտնել հաւասարակշռութիւն մը, ուր պիտի համընկնէին՝ մեր Պատրիարքութեան աւանդութիւններն ու նախընթացները, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնները եւ միեւնոյն ժամանակ մեր պետութեան սպասումները։ Անտարակոյս, կենսական նշանակութիւն ունէր մերազն համայնքի անդամներուն հասունութիւնը։
Այս կացութեան բարդութիւններն ու անցումային շրջանին նոր հաւասարակշռութիւններ ձեւաւորելու ռիսկերը միշտ նկատի առնուած են մեր կողմէ։ 2010 թուականին կոչուեցանք պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնին։ Այդ թուականէն ի վեր, առանց որեւէ գնահատանք ակնկալելու, առաւելագոյն ջանք գործադրեցինք եւ այդ նուրբ հաւասարակշռութիւնները պահպանելու համար յանձն առինք ամէն տեսակ զոհողութիւն՝ ի շահ մեր Եկեղեցւոյ ու մերազն համայնքին։ Միջանկեալ այս շրջանը աւարտին հասցնելու նպատակով կատարուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն եւ որոնումներուն նկատմամբ թէեւ ընծայեցինք կարեւորութիւն, սակայն երբեք չհեռացանք վերապահութենէ։ Նոյնիսկ պիտակաւորուելով հանդերձ որպէս՝ «ընտրութենէ խուսափող անձ», երկար տարիներ հանդուրժեցինք եւ մեր Պատրիարքութեան համար աշխատեցանք ընդհանուր փոխանորդի հանգամանքով։ Այդ պաշտօնի պատասխանատուութեամբ անտեսեցինք այն բոլոր մաշեցման փորձերը, որոնք կատարուեցան մեզի դէմ։ Երկարաժամկէտ անձնական հաշուարկներէ հեռու, տուեալ պայմաններուն մէջ միշտ գերադասեցինք մեր Պատրիարքութիւնը։ Այս բոլորը ձեզի հետ կը բաժնենք՝ առկայ պահու դժուարութեան բերումով։ Բացարձակապէս մեր նպատակը չէ ինքնարդարացումը կամ հին վէրքեր քերելը։
Կը գիտակցինք, թէ ներկայ մթնոլորտին մէջ մեր վրայ կը խտանան զանազան ակնկալութիւններ։ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Սրբազան Արքեպիսկոպոս Պեքճեանին դէմ բացարձակապէս չենք տրամադրուած թշնամաբար ու կը տածենք յարգանք։ Մեր անկեղծ փափաքն է, թէ բոլորը գիտնան, որ նոր խնդիրներ յարուցելու նպատակ չունինք։ Կը փափաքինք, թէ ժամ առաջ իր աւարտին հասնի այս գործընթացը, զոր մաշեցուցած է մեզ։ Բամբասանքներու առարկայ դարձած «Յովակիմ 1461» հիմնարկէն հրաժարած ենք։ Երկրորդական նիւթերը կը թողունք մեր օրակարգէն դուրս։ Առկայ փակուղիի յաղթահարման համար դարձեալ պէտք է զօրակցութեան ու միասնականութեան մէջ ըլլանք, պաղարիւնութեամբ պէտք է համբերութիւն ցուցաբերենք։ Տագնապալի այս շրջանը աւարտին հասցնելու համար տոկունութիւն պէտք է ցուցաբերենք՝ մինչեւ որ ձեւաւորուին այն նոր պայմանները, ուր հակասութեան մէջ պիտի չըլլան մեր Պատրիարքութեան աւանդութիւններն ու նախընթացները, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնները եւ միեւնոյն ժամանակ մեր պետութեան սպասումները։ Այս պահուն մեր հիմնական նպատակն է կանխել մեր Պատրիարքարանին ու մեր Պետութեան միջեւ հաւանական հակասութեան մը ծագիլը։ Ներկայիս, երբ հաւաքական մեր կեանքէն ներս ընդհանուր սպասումի մթնոլորտ մը կը տիրէ՝ մեր բոլորին վիճակած պատասխանատուութիւն մը կը համարուի խուսափիլ այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան խորացնել առկայ խնդիրները։ Նախանձախնդրութիւն ցուցաբերենք, որպէսզի լուծման որոնումները մեր համայնքի ու մեր հաստատութիւններու ծիրէն դուրս չգան։ Միասնական ջանքեր գործադրենք ներկայ ալեկոծումները յաղթահարելու համար։ Այս պահու դրութեամբ անկարելի ըլլալ կը թուի Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Սրբազան Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի կողմէ մեզի հասցէագրուած սպասումներուն արդարանալը։ Ցաւով կը փափաքինք արձանագրել, որ նոյն ծիրին մէջ պէտք է արժեւորուին իր կողմէ Քէօլնէն կատարուած նախաձեռնութիւնները։
Կը յուսանք, որ այս դժուար շրջանին մերազն համայնքի զաւակները առկայ խնդիրներու լուծման ճանապարհին մեր բոլորէն պիտի չզլանան իրենց աղօթակցութիւնն ու զօրակցութիւնը։ Ձեր բոլորին կը փոխանցենք մեր օրհնութիւնները։ Բարձրեալն Աստուած թող իր անսահման ողորմութեամբ լուսաւորէ մեր ճանապարհը։
ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ
AÇIKLAMA
Kilisemizin sevgili evlatları,
Toplumsal yaşamımızda yine zorluklar göğüslüyoruz. Patrik seçimi sürecindeki çalkantılar, son günlerde Ruhaniler Genel Meclisimiz tarafından patrik kaymakamı seçimi aşamasında yeni bir boyut kazandı. Cemaat olarak bir çıkmaza sürüklenmiş durumdayız ve bu buhranın aşılması hepimizin ortak çabalarına bağlıdır. Kadasetli Patriğimiz Mesrop ll. yaklaşık dokuz yıl önce elim hastalığa yakalandığında, kilise ve cemaat yaşamımızda bir ara dönem başladı. Bu, kendi özgün dengelerini bizlere dayatan bir geçiş süreci oldu. Patrikliğimizin gelenek ve içtihatlarının, Ermeni Kilisesi'nin usul ve nizamlarının, aynı zamanda da devletimizin beklentilerinin örtüştüğü bir denge içerisinde, geçiş döneminin çalkantılardan uzak yürütülebilmesi için gereken koşulların oluşması zaruriydi. Kuşkusuz, cemaatimiz üyelerinin sergileyeceği olgunluk hayati önem arz etmekteydi.
Bu denklemin zorluklarını ve geçiş döneminde yeni dengeler oluşturmaya gayret etmenin risklerini dikkate alarak, 2010 yılında Patrik Genel Vekili seçildiğim tarihden bu yana istikrar için azami çaba sarf etmiş ve hassas dengeleri korumak uğruna, hiç bir takdir beklemeden, Kilisemiz ve cemaatimiz için her tür özveride bulundum. Ara dönemi nihayetlendirmek için yapılan tüm girişim ve arayışları önemsemekle birlikte, asla ve asla temkini elden bırakmadım. Bana yapıştırılan 'seçimden kaçınan insan' yaftasını dahi uzun yıllar hoş gördüm ve Patrik Genel Vekili sıfatıyla Patrikhanemiz için çalıştım. O görevin getirdiği sorumluluklarla, bana karşı yürütülen yıpratma gayretlerini görmezden geldim. Uzun vadeli kişisel değerlendirmelere, hesaplaşmalara girişmeden, verili koşullarda daima Patrikhanemiz'i gözettim. Bunları sizlerle içinde bulunduğumuz anın zorluğu nedeniyle paylaşmaktayım. Amacım kesinlikle kendimi aklamak ya da yara kaşımak değildir.
Bugün hasıl olan ortamda yine üzerimde çeşitli beklentilerin yoğunlaştığının farkında ve bilincindeyim. Sayın Başepiskopos Karekin Bekçiyan'a karşı kesinlikle hasmane duygular beslememekte ve kendisine saygı duymaktayım. Samimiyetle bilinmesini isterim ki, kişisel beklentilerle yeni sorunlar yaratmak niyetinde değilim. Beni yıpratan bu sürecin bir an önce nihayetlenmesini arzulamaktayım. Etrafında dedikoduların dolaştığından dolayı "Hovagim 1461" Vakfı'ndan istifa ettim. İkincil konuları gündem dışı bırakmaktayım. Mevcut açmazı yenebilmemiz için, tekrar dayanışma ve birliktelik halinde, soğukkanlılıkla bir sabır göstermemiz gerekmektedir.
Patrikliğimizin gelenek ve içtihatlarının, Ermeni Kilisesi'nin usul ve nizamlarının, aynı zamanda da devletimizin beklentilerinin çelişmediği yeni koşullar oluşana dek, bu buhranlı dönemin bitmesi için metanet sergilemek durumundayız. Şu andaki temel amacım Patrikhanemiz ve devletimiz arasında muhtemel bir çelişkinin doğmasını engellemektir. Bu aşamada, toplumsal yaşantımızda genel bir bekleyiş ortamı yaşanıyorken, sorunları derinleştirebilecek adımlardan kaçınmak hepimizin ortak sorumluluğudur. Sorunlarımızın çözüm arayışlarını cemaatimizin ve kurumlarımızın dışına taşırmamaya özen göstererek, bu çalkantıları aşmak için birlikte çaba sergileyelim. Sayın Başepiskopos Bekçiyan'ın şahsımdan olan beklentilerini karşılayabilmem şu an için olanaksız görünmektedir. Köln'den yaptığı girişimlerin de bu kapsamda değerlendirilmesi gerektiğini üzülerek ifade etmek isterim.
Bu zor dönemde, cemaatimizin aziz evlatlarının bu sorunların çözümünde, hepimiz için dua ve desteklerini esirgemeyeceğini umuyor, hepinize takdislerimi iletiyorum. Yüce Allah engin merhametiyle yolumuza ışık tutsun.
BAŞEPİSKOPOS ARAM ATEŞYAN
Patrik Genel Vekili