ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՕԴԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Արցախի Տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան եւ «Եէլլ Էքսթրիմ փարք» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ ամրան կը կազմակերպուի օդային երկրորդ փառատօնը:
Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրէս»ի՝ կը տեղեկացնէ Տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան մամլոյ պատասխանատու Մերի Ղազարեան:
Անոր խօսքով՝ Մարտ 23-ին Տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Գրիգորեան Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ «Եէլլ էքսթրիմ փարք» նախագծի հեղինակ, համահիմնադիր Տիգրան Չիպուխչեանի հետ փառատօնի կազմակերպման հետ կապուած աշխատանքային քննարկում ունեցած է: Մասնաւորապէս քննարկուած են փառատօնի ծրագիրը ու ձեռնարկներու ցանկը, նախանշուած է ատոր հետ կապուած կատարուելիք այլ աշխատանքներ: Սակայն փառատօնի կայացման օրուան մասին՝ այս պահուն դեռ վերջնական որոշում չկայ, այդ մասին հասարակութեան պիտի տեղեկացուի աւելի ուշ: