ԺԱՆ ԱՍԵԼՊՈՌՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Լիւքսեմպուրկի Արտաքին ու եւրոպական գործոց նախարար Ժան Ասելպոռն այսօր շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հիւր նախարարը այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը՝ որպէս իր ուղեւորութեան ծրագրի առաջին փուլը։

Երեքշաբթի, Մարտ 27, 2018