ՀԱՍԱՆ ՌՈՒՀԱՆԻ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ

Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի շրջագայութեան մը ձեռնարկած է դէպի Թիւրքմենիստան եւ Ատրպէյճան։ Ուղեւորութիւնը կը սկսի այսօր եւ առաջին փուլը կը հանդիսանայ Աշխապատ։ Հասան Ռուհանի 29 Մարտ Հինգշաբթի պիտի ժամանէ Պաքու՝ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու հարեւան երկիրներու բանակցութիւններուն ընթացքին հիմնական ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան ուժանիւթի բնագաւառն ու առեւտուրի ճանապարհները։ Երկու երկիրներու միջեւ նախապէս ստորագրուած փաստաթուղթերու գործադրութեան կապակցութեամբ կարծիքի փոխանակումներ տեղի պիտի ունենան նախագահներուն միջեւ։

Անցեալ 15 Մարտին, Ատրպէյճան-Իրան 12-րդ համագումարի տնտեսական ֆորումին ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած էին շարք մը համաձայնագրեր։ Այդ փաստաթուղթերը կը վերաբերէին դրամատնային, փոխադրութեան, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու նման զանազան բնագաւառներու։ Բաց աստի, Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրութեան միջանցքի ծիրէն ներս ներկայիս կը կառուցուի Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ երկաթուղին։ Ատրպէյճանի Ասթարա քաղաքին եւ Իրանի Ռեշտ քաղաքին միջեւ կը կառուցուի այդ երկաթուղին։ Հասան Ռուհանիի Պաքու այցելութեան ընթացքին այս ծրագրին ընթացքն ալ աչքէ կ՚անցուի նախագահներուն գլխաւորութեամբ։

Երեքշաբթի, Մարտ 27, 2018