ՆԻՍԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԸ ՇԱՀԵՑԱՒ ԴԱՏԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի Նիսի ծուխէն ներս խնդրայարոյց իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Նիսի մէջ նախկին ծխական վարչութիւնը վերջերս կողոպտած էր Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեանի ապրած հովուատունը եւ առանց իրեն լուր տալու փոխած բանալիները, ինչպէս նաեւ տեղէն հանած նամակատուփը։ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան Նիսի հոգեւոր հովիւ ըլլալու առընթեր վերջին շրջանին եղած է Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ։ Այդ պաշտօնին բերումով միջոց մը Փարիզ մնալէ վերջ Նիս վերադարձին ան մօտաւոր անցեալին դառն իրողութեան հետ դէմ յանդիման մնացած էր։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անունով հանդէս գալու իրաւունքէն զրկուած նախկին ծխական վարչութիւնը կը շարունակէ իր հակակշռին տակ պահել հայկական եկեղեցին։

Թէեւ վերջին շրջանին հաշտութեան որոշ յոյսեր ծիլ տուած էին Ֆրանսայի թեմէն ներս, սակայն դժբախտաբար այդ բոլորը ի դերեւ դուրս եկան։ Հովուատան կողոպուտէն վերջ հրատապ դատավարութեան պահանջով Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան դիմած էր ֆրանսական արդարադատութեան մարմիններուն։ Այս հրատապ դատավարութեան վճիռը արձակ-ւած է վերջին օրերուն։ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան շահած է դատը։ Դատավճռին մէջ գրուած է, որ դատարանը կը մերժէ նախկին ծխական վարչութեան բոլոր պահանջները եւ բացատրութիւնները, ինչպէս նաեւ կը հրահանգէ դատավճռի հրապարակումէն վերջ 24 ժամուան ընթացքին Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեանին յանձնել հովուատան բոլոր փոխուած բանալիները՝ որպէսզի ան կարենայ ազատ ձեւով մուտք գործել իր բնակարանը։ Հակառակ պարագային յապաղած իւրաքանչիւր օրուան համար նախատեսուած է 100 եւրօ տուգանք։ Դատավճռին մէջ պահանջուած է նաեւ 24 ժամուան ընթացքին տեղադրել անհետացած նամակատուփը։

Երեքշաբթի, Մարտ 27, 2018