ՊԻԹԼԻՍ ՔԱՂԱՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԿԵԴՐՈՆ

Պիթլիսի «Էրէն» համալսարանի նախաձեռնութեամբ աշխատանքներ պիտի կատարուին՝ ուսումնասիրելու համար քաղաքի շուրջ 7 հազար տարուան պատմութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, համալսարանի Պիթլիսի շրջանի պատմութեան, մշակոյթի գործադրութեան ու հետազօտութեան կեդրոնը ուսումնասիրութիւններ յառաջ կը տանի՝ երեւան բերելու համար քաղաքի պատմութիւնն ու արժէքները՝ այդ բոլորը յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցելու նպատակով։ Անցեալի մէջ բազում քաղաքակրթութիւններ հիւրընկալած, կարեւոր բնակչութեան կեդրոն մըն է Պիթլիս, ուրկէ հասած գիտնականները, այնտեղ ծաւալուած առեւտուրը, հրատարակուած օսմաներէն թերթերը, մշակոյթը, ձեռային արուեստը, ժողովրդագրութիւնը, կենցաղը եւ պատմամշակութային յուշարձանները մաս կը կազմեն այս աշխատութեան ծիրին։ Ակադեմական աշխատանքներով նախատեսուած է նաեւ գիրք մը կազմել՝ ֆրանսական, ռուսական, անգլիական եւ օսմանական արխիւներու փաստաթուղթերուն հիման վրայ։ Վերոյիշեալ կեդրոնէն (BİTAM) ներս կը նախատեսուի նաեւ ստեղծել գրադարան մը եւ արխիւ մը։

BİTAM-ի տնօրէն Ֆաթիհ Կենճէր «Անատոլու» գործակալութեան թղթակցին հետ զրուցելու ընթացքին յայտնած է, որ Պիթլիսի նման կարեւոր քաղաքի մը տեսակէտէ անհրաժեշտ էր նման կեդրոնի մը ստեղծուիլը։ Արդարեւ, դժուարութիւններ խնդրոյ առարկայ էին քաղաքի պատմութեան, մշակոյթի, ուսումնասիրութեան եւ այդ բոլորի նոր սերունդներու փոխանցման առումով։ Ֆաթիհ Կենճէրի խօսքերով՝ նոր սերունդներուն պէտք է փոխանցել, թէ անցեալը որքան լաւ էր եւ անցեալին որքան լաւ բաներ ապրուած էին։ Այս ծիրին մէջ նորաստեղծ կեդրոնը պիտի փորձէ ի մի հաւաքել Պիթլիսի վերաբերեալ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր փաստաթուղթերը։ Այս աշխատանքին հիմք պիտի ծառայեն օսմանեան արխիւները, անգլիական փաստաթուղթերը, շրջանի մամուլը եւ տարեգիրքերը։ Այդ ամբողջ արդիւնքները պիտի յանձնուին նաեւ հանրային կարծիքի ուշադրութեան։ Անցեալին Պիթլիսի մէջ գործած են Անգլիոյ, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի հիւպատոսութիւններ։ Ուստի, այդպիսի փաստաթուղթեր ալ պիտի հաւաքուին։

Հարցազրոյցի ընթացքին, Կենճէր բացատրած է, որ աշխատանք պիտի տանին նաեւ «Իտրիս-ի Պիթլիս»ի վրայ, որ պայմանաւորած է Արեւելեան Անատոլուի քաղաքական կառուցուածքը։ Արդարեւ, Պիթլիս անցեալի մէջ եղած է արեւելքի ամենակարեւոր առեւտուրի կեդրոնը։ Յայտնաբերուած տեղեկութիւններու ուղղութեամբ պիտի ճշդուին առաջնահերթութիւններ։ Կեդրոնը աշխատանք պիտի տանի նաեւ պատմամշակութային յուշարձաններու շուրջ եւ պիտի խրախուսէ քաղաքի անցեալին վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները։

Կենճէր յայտնած է, որ օսմանեան արխիւներէն յայտնաբերուած են Պիթլիսի վերաբերեալ լաւ փաստաթուղթեր եւ անոնց թրքերէն բացատրութիւնները պիտի ներկայացուին կեդրոնէն ներս։ Անգլիական արխիւներէն ձեռք բերուած լուսանկարներով ալ կարելի է ցուցահանդէս մը կազմակերպել նորահաստատ կեդրոնէն ներս։ Անգլիական արխիւներու փաստաթուղթերը ամբողջութեամբ հաւաքել կարելի եղած է եւ հիմա կարգը հասած է օսմանեան արխիւներուն։ Կենճէր մատնանշած է, որ գոյութիւն ունին օսմանատառ թերթեր։ Այժմ սկսած են այդ բոլորը հաւաքելու եւ կեդրոնէն ներս արխիւ մը ստեղծելու։ Ամբողջ փաստաթուղթերը ի մի պիտի հաւաքուին։ Թերթերու առընթեր յայտնաբերուած են նաեւ շատ հետաքրքրական փաստաթուղթեր, որոնք կրնան ներկայացուիլ քանի մը հատորի ձեւաչափով։ Կեդրոնը հնարաւորինս արագ եւ ակադեմական ճանապարհով պիտի փորձէ ի յայտ բերել Պիթլիսի պատմութիւնը։ «Մեր այս աշխատանքներու արդիւնքին Պիթլիսի պատմութիւնը պիտի դադրի մութ մնալէ», ըսած է Կենճէր եւ աւելցուցած է նաեւ, որ հանրապետական շրջանին ալ տեղական թերթեր հրատարակուած են Պիթլիսի մէջ։

Ինչպէս ծանօթ է, Պիթլիս հայ ժողովուրդի պատմութեան տեսակէտէ ալ շատ կարեւոր քաղաք մըն է։ Պատմական Բաղէշն է ան, ուր անցեալին շատ լուրջ ներկայութիւն ունեցած են հայերը եւ ուրկէ հասած են նաեւ տիրական դէմքեր։

Երեքշաբթի, Մարտ 27, 2018