ՎԱՌՆԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ երեկոյեան, Վառնայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն կարեւոր գագաթաժողով մը։ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսովի հիւրընկալութեամբ կազմակերպուեցաւ գագաթաժողովը, որուն մասնակցեցան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր։ Վերջին անգամ այս ձեւաչափով հանդիպում մը տեղի ունեցած էր շուրջ տարի մը առաջ Պրիւքսելի մէջ։

Վառնայի գագաթաժողովին ընթացքին Էրտողան յայտնեց, որ համաշխարհային ուժ մը ըլլալու յաւակնութեամբ Եւրոմիութիւնը մեծ սխալ մը գործած պիտի ըլլայ՝ եթէ իր ընդլայնման քաղաքականութենէն դուրս թողու Թուրքիան։ Իր կարգին, Եունքէրն ալ յայտնեց, որ ինք կ՚երաշխաւորէ Թուրքիոյ անդամակցութեան հեռանկարը, Անգարայի հետ բանակցութիւններու տեւականացումը եւ տրուած խոստումներու յարգուիլը։ Միեւնոյն ժամանակ, Եունքէր ընդգծեց, որ Թուրքիա պէտք է բարելաւէ իր յարաբերութիւնները ԵՄ-ի անդամ երկիրներուն հետ։

Իր կարգին, Տոնալտ Թուսք յայտնեց, որ գաղթի եւ գաղթականներու աջակցութեան հարցին շուրջ սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի ԵՄ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ։ Ան հերթական անգամ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Թուրքիոյ ջանքերուն շուրջ եւ ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը կը վերահաստատէ իր անխախտ վճռակամութիւնը այս գետնի վրայ համագործակցութեան ուղղութեամբ։ «Որպէս անդամակցութեան թեկնածու երկիր՝ Թուրքիա խոստացած է ապահովել ժողովրդավարութեան ամենաբարձր չափանիշները եւ պահպանել զանոնք։ Մենք կը հասկնանք, որ Թուրքիա պէտք է գործօն քայլեր առնէ անվտանգութեան վերաբերեալ՝ իր ենթարկուած զինեալ յեղաշրջման փորձի եւ ահաբեկչական յարձակումներուն զուգահեռ։ Միեւնոյն ժամանակ, կը մտահոգուինք, թէ Թուրքիոյ մէջ հիմնարար ազատութիւնն ու իրաւունքի գերակայութիւնը կրնան վտանգուիլ՝ այս ուղղութեամբ որդեգրուած կարգ մը եզրերուն բերումով», ըսաւ Թուսք։

Վառնայի մէջ ունեցած ելոյթին մէջ Էրտողան առաջնահերթօրէն կանգ առաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, ազատ շրջագայութեան հարցին, ելմտական օժանդակութեան, Կիպրոսի հիմնախնդրին եւ Մաքսային միութեան այժմէականացման վրայ։

Մեկնաբաններու կարծիքով, երկու կողմերն ալ Վառնայի գագաթաժողովին մասնակցեցան որոշ ակնկալութիւններով, սակայն յստակ արդիւնքներ չունեցան։ Այս հանգամանքը վերահաստատուեցաւ նաեւ Տանըլտ Թուսքի կողմէ։ Ան յոյս յայտնեց, որ ապագային շօշափելի արդիւնքներ պիտի ըլլան։ Միայն խնդրայարոյց բնագաւառներէ ներս յառաջխաղացումը պիտի ապահովէ յարաբերութիւններու բարելաւում։

Երեքշաբթի, Մարտ 27, 2018