ԹՈՒԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Հայաշխարհի մէջ գործարկուած է նոր գրադարան՝ ՎԼՈՒՄ (VLUME) անունով: Այն թուային գրադարանը կը գործէ համացանցի վրայ եւ միտուած է մանաւանդ նոր սերունդը նոր սարքերու միջոցաւ մօտեցնել հայ գրականութեան: Երեւանի մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս գրադարանի շնորհանդէսը: Նախաձեռնութեան հեղինակներէն Մարտիկ Չոլաքեան ներկայացուց իր ու իր համախոհներուն ջանքերով սարքած այս թուային գրադարանը՝ նշելով, որ ՎԼՈՒՄ-ը արուեստագիտական արուեստի առաջին հարթակն է, որ լայն հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռնէ կարդալ հայկական իրականութեան մէջ գործող հիմնական հրատարակիչներու կողմէ թարգմանուած ու մշակուած գիրքերը, պահել զանոնք սեփական համակարգիչներու կամ միւս սարքերու մէջ եւ որեւէ պահու շարունակել ընթերցանութիւնը: Արդէն գոյութիւն ունեցող միւս թուային գրադարաններու հանդէպ ՎԼՈՒՄ-ը ունի նաեւ այն առաւելութիւնը, որ գիրքերը հնարաւոր է նաեւ լսել: Սեղմելով նախընտրած գիրքի մը վրայ՝ ընթերցողը կը լսէ զայն: Հիմնականը արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութիւնն է, որ ձայնագիրքերու տեսքով առայժմ գոյութիւն ունին, եւ շարունակելով ձայնագրել՝ նախաձեռնողները նպատակ ունին ընդլայնել հեղինակներու եւ գիրքերու ցանկը: Նախաձեռնութեան հեղինակներն ալ արդէն սփիւռքահայեր են, որոնք տեսնելով մանաւանդ սփիւռքի մէջ նոր սերունդի անտարբերութիւնը հայերէն գիրի, գրականութեան հանդէպ, փորձած են երիտասարդներու գործածած սարքերու միջոցաւ անոնց առաջարկել գրականութիւն:

ԺԱՄԱՆԱԿ նոյնպէս ներկայ էր գրադարանի երեւանեան շնորհանդէսին եւ զրուցելով Մարտիկ Չոլաքեանի հետ, հետեւեալը արձանագրեցինք.

«Այսօր մարդիկ աւելի քիչ ընթերցանութեան ժամանակ ունին, աւելի շատ կը խաղան եւ այդ մեղքը ես նոյնպէս գործած եմ: Մեր խնդիրը ընթերցանութեան գաղափարը նոր սերունդներուն վերադարձնելն է», ըսաւ Մարտիկ Չոլաքեան, որ նաեւ «Թեքնոլինքվիստիքս» հասարակական կազմակերպութեան նախագահն է:

«Թեքնոլինքվիստիքս» կազմակերպութիւնն ալ, ստեղծուելով 2015 թուականին՝ նպատակ ունենած է հրատարակել հայերէն ելեկտրոնային գիրքեր եւ ձայնագիրքեր: Կազմակերպութիւնը աշխատած է լաւագոյն մասնագէտներու հետ, որպէսզի մէջտեղ բերէ ձայնագիրքերու եւ թուային գիրքերու այս խոշոր գրադարանը՝ արեւմտահայերէնով եւ արեւելահայերէնով: Տեղեկացանք նաեւ, որ գրադարանը միտում ունի դառնալու ամենամեծ հայկական թուային գրադարանը, ուր ընթերցանութիւնը սովորաբար վճարովի պիտի ըլլայ, բայց գրադարանը արդէն ունի նաեւ անվճար որոշ բաժիններ:

Գրադարանը ստեղծուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի եւ ՀԲԸՄ-ի «Քաղաքացիական հասարակութեան կամուրջ» ծրագրի հայթայթած դրամաշնորհով:

Չորեքշաբթի, Մարտ 27, 2019