ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ 2016 թուականէն ի վեր ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ է, Պերճ Սեդրակեանի հետ խօսեցաւ միութեան ընթացիկ եւ յառաջիկայ ծրագրերուն շուրջ։ Արմէն Սարգսեան յատկապէս կարեւորեց կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական այն ձեռնարկները, որոնք նպատակ ունին սփիւռքահայ երիտասարդ սերունդի մէջ սերմանել հետաքրքրութիւն ազգային հարուստ ժառանգութեան եւ աւանդութիւններու նկատմամբ։

Ողջունելով կազմակերպութեան ընդլայնուող ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը Հայաստանէ ներս՝ Արմէն Սարգսեան բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ-ի ներգրաւուածութիւնը համահայկական նշանակութեամբ խնդիրներու լուծման գործին մէջ։

Հանդիպման տեւողութեան Արմէն Սարգսեան եւ Պերճ Սեդրակեան անդրադարձան նաեւ Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն, որոնց զարգացման ու ամրապնդման ուղղուած է ՀԲԸՄ-ի առաքելութիւնը, նաեւ հայակեդրոն ու Հայաստանակեդրոն ծրագրերու իրականացման։

Չորեքշաբթի, Մարտ 27, 2019