ՃԻՇԴ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆ

Չինաստանի նախագահ Ցի Ցզինփինի դէպի Եւրոպա ուղեւորութեան կարեւորագոյն փուլերէն մին երէկ տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Այսպէս, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի տանտիրութեամբ տեղի ունեցան բանակցութիւններ, որոնց մասնակցեցան նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր։ Մաքրոն, Ցզինփին, Մերքէլ եւ Եունքէր այս առթիւ քննարկեցին միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրները ու կանգ առին համագործակցութեան նոր ձեւաչափերու վրայ։

Քառակողմ այս բանակցութիւններուն առթիւ Անկելա Մերքէլ կոչ ուղղեց, որպէսզի ճշգրիտ հաւասարակշռութիւն գտնուի աշխարհի աշխոյժ զարգացման եւ կլոպալ փոփոխութիւններու արդի դարաշրջանին։

«Մենք աշխարհի շատ աշխոյժ զարգացում կը տեսնենք, կեդրոնները, ներառեալ՝ տնտեսական կեդրոնները, շարունակ կը տեղաշարժուին։ Ուստի, կարեւոր է վերստին հաւասարակշռութիւն մը գտնել նշանակալից փոփոխութիւններու ժամանակներուն մէջ», ըսաւ Մերքէլ, որ համոզուած է, թէ ռազմավարական մրցակցութիւնը կրնայ դրական գործօններ ունենալ բոլոր կողմերուն տեսակէտէ։

Փարիզի բանակցութիւններէն վերջ Անկելա Մերքէլ խօսեցաւ նաեւ Չինաստանի կողմէ միջազգային օրակարգի վրայ բերուած «Մետաքսի ճանապարհի տնտեսական գօտի»ի ձեւաւորման գաղափարին։ Որպէս «Մետաքսի ճանապարհ»ի նախագիծ ծանօթ է այս հսկայական ծրագիրը, որ կը նախատեսէ Կեդրոնական Ասիոյ, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի աւելի քան 60 երկիրներու միջեւ կազմակերպել բեռնափոխադրումներ եւ ստեղծել համապատասխան չափանիշներ։ Անկելա Մերքէլ Փարիզի մէջ երէկ յայտարարեց, որ Եւրոպա կը փափաքի աշխոյժ դեր խաղալ «Մետաքսի ճանապարհ»ի նախագծին մէջ։ «Մենք՝ եւրոպացիներս կը փափաքինք մասնակցիլ եւ աշխոյժ դեր խաղալ այդ նախագծին մէջ։ Սա պէտք է տանի դէպի որոշակի փոխադարձութիւն», յայտարարեց Անկելա Մերքէլ Փարիզի մէջ։

Բաց աստի, Մերքէլ բարենորոգման կոչ ուղղեց միջազգային շարք մը կառոյցներու պարագային. օրինակ՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը, IMF-ը եւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւնը։

Մեկնաբաններ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն, որ միջազգային բեմահարթակի վրայ Եւրոմիութեան եւ Չինաստանի կողմէ նոր հաւասարակշռութիւններու որոնման ուղղեալ այս գործընթացէն կը բացակայի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որ հետզհետէ կը նախընտրէ ընթանալ առանձին։

Այսօրուան բանակցութիւններուն ընդառաջ, երէկ երեկոյեան Էլիզէի պալատին մէջ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ պաշտօնական ընթրիք մըն ալ սարքուեցաւ մասնակիցներուն համար։

Չորեքշաբթի, Մարտ 27, 2019