ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին ընդառաջ։ Կը հաղորդուի, որ այս ուղեւորութիւնը նախատեսուած է ապրիլի 8-ին։ Էրտողան եւ Փութին Մոսկուայի մէջ միասնաբար պիտի գլխաւորեն Թուրքիա-Ռուսաստան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը։ Բանակցութիւնները առիթ պիտի հանդիսանան, որպէսզի երկու ղեկավարները երրորդ անգամ հանդիպած ըլլան 2019 թուականին։ Էրտողան եւ Փութին միեւնոյն ժամանակ պիտի մասնակցին «Ռուսաստան-Թուրքիա զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի տարի» ծրագրի մեկնարկի հանդիսաւոր արարողութեան։ Հարկ է նշել, որ ներկայիս օրակարգի վրայ է երկկողմանի զբօսաշրջութիւնը խթանելու կարեւոր ծրագիր մը։ Այսպէս, Անգարա եւ Մոսկուա կը քննարկեն՝ իրենց քաղաքացիներու փոխադարձաբար առանց անցագրի, միայն անձնագրով Թուրքիա կամ Ռուսաստան մուտքի հաւանականութիւնը։

Մոսկուայի բանակցութիւններուն ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւններուն առընթեր անդրադարձ կը կատարուի նաեւ միջազգային բնոյթով զանազան հարցերու՝ մասնաւորապէս Սուրիոյ ճգնաժամին, որու կապակցութեամբ թրքական եւ ռուսական կողմերը սերտ համագործակցութեան մէջ են։

Չորեքշաբթի, Մարտ 27, 2019