ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը, որու ժամանակ քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնով ամրագրուած դրոյթներու կատարման ընթացքը։ Փաշինեան եւ Փութին շօշափեցին նաեւ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս ձեռնարկուած քայլերը, այս ուղղութեամբ համագործակցութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի ձեւաչափով տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցեր՝ ներառեալ ուժանիւթի բնագաւառը։

Փաշինեան եւ Փութին համաձայնութեան հասան ապագայ շաբաթներու համար նախատեսուած շփումներու շուրջ։

Շաբաթ, Մարտ 27, 2021