ՄԱՐՏ 27. «ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ»

Աշխարհի մէջ, ամէն տարի, Մարտի 27-ը կը յիշատակուի իբրեւ «Թատրոնի միջազգային օր»:

Այս կը նշանակէ, թէ թատրոնը տօն ալ է ու ան միշտ մեզի հետ է իր աւանդոյթներով, հնութիւններով եւ նորութիւններով միատեղ:

Ու իբրեւ թատերասէր, ինչպէս նաեւ պատանեկան տարիներէս մինչեւ այսօր թատրոնի սրտին շատ մօտիկ ապրող հայ անհատ, երբեմնի համեստ դերասան եւ բեմադրիչ, թատերագիր եւ քննադատ, այս առթիւ առ ի յարգանք եւ քաջալերանք, սէր եւ գնահատանք կը կարծեմ, որ շատ լաւ առիթ է անկեղծօրէն անդրադառնալու այս արուեստին մասին ու նաեւ լոյսին բերելու անոր հայապահպանման գործին մէջ ունեցած մեծ դերը: Որովհետեւ եւ անկեղծօրէն թատրոնը նկատած եմ նաեւ մշակոյթի պահամանման եւ տարածման իր առաքելութեամբ ուսուցման կեդրոն: Մեծ «Դպրոց»:

Արդ, նախաբանս կարճ կապելով, միտքս պարզեմ:

Դարերու պատմութիւն ունի հայկական թատրոնը։ Այսպէս երկու հազար եւ աւելի տարիներ առաջ, Մեծն Տիգրանը եւ Արտաւազդ թագաւորը հասկցած էին, որ թատրոնի ճամբով կարելի էր նաեւ ժողովուրդ դաստիարակել։ Ուստի հաստատօրէն կրնանք ըսել, թէ հայկական թատրոնը կը դասուի աշխարհի ամենէն հին թատրոններու շարքին։

Թատրոնը նաեւ մարդկային մտքի ստեղծած հրաշալիքներէն մէկն ալ է, եւ մեր ժողովուրդը մեկնելով այս վարկածէն, միշտ եւ ամէն առիթով ու ամէն տեղ թատրոնով ապրած է եւ նաեւ՝ ապրեցուցած։ Հայը, ուր որ հաստատուած է, իր դպրոցին, եկեղեցիին կամ կեդրոնին կողքին կամ մէջը հիմնած կամ կառուցած է նաեւ իր թատրոնն ու իր բեմով սրահը: Վկայ՝ սփիւռքի տարածքին ցրուած հայ թատրոնները, ուր տարիներու երկայնքին գէշ-աղէկ հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւնները արտացոլացուցած են մեր պատմութիւնը, մեր տարբեր խաւերու կենցաղը, մեր բարքերը, մեր մշակոյթը, մեր հասարակական եւ ընտանեկան կեանքը, մեր փառասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնը, առաքինութիւնն ու մեր ազգային ու ընկերային զանազան բարքերը։ Այս բոլորը՝ արհեստավարժ կամ սիրողական դերասաններու խաղերով, վկայեալ կամ ոչ՝ բեմադրիչներով, բեմական համեստ յարդարանքներով, բեմէն հասնող մեր մայրենի լեզուի զրոյցով, խօսքով, ձայնով, լոյսերու եւ ձայնային զանազան խաղերով եւ ձեւաւորումներով, մարդկային չարին, բարիին, գեղեցիկին, վատին, ծիծաղին եւ հեգնանքին ձեւակերպումներով։ Ու այս ձեւով հանդիսատեսը ներգրաւած է, որովհետեւ իւրաքանչիւր հնչող միտք, շարժում, դէպք, խօսք վերածուած է խորհուրդի եւ եւ շատ յաճախ ալ խրատի բնոյթ ստացած։

Ու ամէն առիթներով իւրաքանչիւր ներկայացման, հայ հանդիսատեսը, պատիւ իրեն, իր նիւթականով, իր ծիծաղով, իր սիրով ու ակնածանքով, իր քաջալերանքով եւ ջերմ ողջիւններով ծափահարած է հայ բեմի վարպետներուն, զոհաբերող դերասան-դերասանուհիներուն, թատերագրին, բեմադրիչին, կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, վարագոյրի ետեւ գործող անանուն կամաւորներուն եւ այս ձեւով իր ջերմ երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը արտայայտած է։

Իսկ գալով ինծի, անձնապէս միշտ ուրախութեամբ ներկայ ուզած եմ գտնուիլ եւ գտնուած ու միաժամանակ մօտէն հետեւած իւրաքանչիւր թատերական գործին, որովհետեւ անկեղծօրէն թատրոնի մեծ սիրահարներէն եմ։ Ու ինչ մեղքս պահեմ, թատրոնի հետ իւրաքանչիւր հանդիպումս ինծի համար, ինչպէս տողերուս սկիզբին յիշեցի, տօն է եղած: Որովհետեւ որոշ չափով, հոն առընչուած եմ հրամցուցած ուրախ կամ տխուր անսպասելիին, կեանքի իրականութիւններուն: Եւ երբ տեսած եմ հայ թատրոնի սիրոյն մատուցուած անսակարկ խոնջէնքը ու բոլորին նման, ոչ միայն ուրախացած՝ այլ նաեւ հպարտացած:

Բայց կ՚ուզեմ յատկապէս շեշտել, թէ թատրոն ունենալու կամ պահելու համար նիւթականի կողքին, նախապայման է ունենալ անպայման խաղացանկ, բեմադրիչ եւ դերասաններ։ Այսինքն՝ պէտք է ունենանք նիւթի դիպուկ ընտրութեամբ ընտիր խաղացանկ, բեմադրական ժամանակակից կողմնորոշում, ըսելիքի թարմութիւն, դերասանական վառ կատարումներ եւ այլն։

Անկասկած, որ իւրաքանչիւր գաղութ իր «պատերէ»ն ներս թատերական ասպարէզին մէջ ունեցած է եւ կամ ունի վաստակ ունեցող շնորհալի դերասաններ, բեմադրիչներ եւ թատրոնը սիրող երիտասարդներ, որոնք իրենց նոր շունչով եւ իրենց ստեղծագործ միտքով եւ գաղափարներով, իրենց անսակարկ զոհաբերութեամբ եւ զոհողութիւններով կրնան նորութիւններով յագեցած թատրերգութիւններով աշխուժացնել թատերական կեանքը, ինքնագիր կամ թարգմանական։

Նաեւ տեսնուած է, որ հրամցուած թարգմանական գործերով, աշխարհի օտար հերոսները դարձուցած ենք մեր հերոսները։ Իրականութիւն է, որ մեր արդի գրականութիւնը թատրերգութիւններով այնքան ալ հարուստ չէ։ Այլ խօսքով, մենք թատերական գրուածքներով չքաւոր ենք։ Ուստի լուրջ ուշադրութիւն է պէտք: Սակայն այս մէկը ուրիշ հարց է:

Պէտք չէ մոռնալ, որ թատրոնը նաեւ ունի իր լուրջ տեղն ու առաքելութիւնը մեր մշակոյթէն ներս: Մէկ խօսքով, թատրոնը է՛ եւ կը մնայ իբրեւ բացառիկ տեսակը արուեստին, որ միշտ կ՚ապրի ժողովուրդին հետ, անոր ցաւերով եւ երազանքներով: Եւ թատրոնը միայն այն ժամանակ կը դառնայ կենսական անհրաժեշտութիւն, երբ կը դառնայ հանդիսատեսի աշխարհին արդարամիտ արձագանգողը:

Արդ, շատ անհրաժեշտ է յատկապէս սփիւռքի տարածքին, զարկ տալ հայ թատերական մեր գրականութեան ճոխացման: Ահա հայ թատրոնի վերընձիւղման դեղատոմսը: Ու այս մէկը կարելի է համախմբելով բոլոր ճիգերը, որոնք մտահոգ են այս հարցով: Այլ խօսքով գրող, դերասան, բեմադրիչ մէկտեղելով, սկսիլ կամ լծուիլ աշխատանքի։ Ու նորութիւն մը չէ, երբ ըսեմ, որ թատրոնը եւ ամէն տեղ, կը պահուի իր ժողովուրդի քրտինքով եւ անոր նիւթաբարոյական գնահատանքներով։ Գիտակից հանդիսատես հասարակութիւնը անպայման զայն կը պահէ եւ արդէն միշտ պահած է: Անհրաժեշտ է, նախ թատրոնը իր զարգացումը ապրի:

Իսկ մեր պարագային, հայ թատրոնի զարթնումը, իսկապէս, որ հոգեկան գոհունակութիւն կու տայ բոլորիս, որովհետեւ կը հաւատանք, որ թատրոնը մեր կեանքի զուգահեռն է եւ նոյնիսկ մեր հայելին:

Արդ, «Թատրոնի միջազգային օր»ուան այս ուրախ առիթով, մաղթանքս է, որ հայ թատրոնը մնայ իր դերակատարութեան եւ առաքելութեան մէջ, չդառնայ միայն ձրի գովասանքէն քաջալերուող ձեռնարկ, ապրի ժողովուրդին հետ, մաքրէ անոր հոգին, յիշեցնէ կեանքին մէջ էականը, բարձրացնելով որակն ու իմաստը:

Ուստի անհուն սէր եւ յարգանք ու մանաւանդ՝ քաջալերանք մեր հայ թատրոնին եւ անոր բոլոր մեծ ու փոքր բոլոր խնկարկու-ծառայողներուն:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Շաբաթ, Մարտ 27, 2021