ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահները երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Այսպէս, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Արցախի նախկին նախագահներ՝ Արքատի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան քննարկեցին յետպատերազմեան շրջանին ստեղծուած իրավիճակը։ Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գրասենեակը տեղեկացուց, որ օրակարգի վրայ եկած են ապագայ հաւանական զարգացումներուն վերաբերեալ շարք մը հարցեր, նաեւ Արցախի մէջ յետպատերազմեան շրջանին ստեղծուած իրավիճակը։ Հարկ է նշել, որ նման ձեւաչափով տեսակցութիւն մը Արցախի վերջին պատերազմի օրերուն ալ տեղի ունեցած էր եւ այդ կապակցութեամբ դարձեալ հանրային կարծիքին տեղեկութիւն փոխանցուած էր նախագահ Տէր-Պետրոսեանի գրասենեակին կողմէ։

Երէկուան հանդիպման շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրասենեակը։ «Թէ՛ Արցախի վերջին պատերազմի ընթացքին եւ թէ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին Արցախի եւ Հայաստանի կենսական խնդիրներուն վերաբերեալ առաջնահերթութիւնները կը ստեղծեն նման ձեւաչափով պարբերական քննարկումներու հրամայական», նշուած է նախագահ Սարգսեանի գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 27, 2021