ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱ ԵՒՍ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՆԵՆ

Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը աստիճանաբար կը պայմանաւորէ նաեւ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի իրադրութիւնը։ Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ արդէն յայտարարուած ձիւնահալէն վերջ, ներկայիս գործընթաց մըն ալ կը հասուննայ Ռիատ-Դամասկոս առանցքին վրայ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ։ Սէուտական Արաբիա եւ Սուրիա կը պատրաստուին վերականգնել իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները։

Սէուտական Արաբիոյ պետական հեռուստակայանը վերջերս հաղորդեց, որ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ շփման մէջ անցած է, որպէսզի վերաբացուի Դամասկոսի դեսպանութիւնը, որ ներքին պատերազմով անցած 10 տարիներուն տեւողութեան կը մնար փակ։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, հիւպատոսական ծառայութիւններու վերականգնման ուղղութեամբ ալ շփումները կը շարունակուին կողմերուն միջեւ։ Միջազգային աղբիւրները կը մատնանշեն, որ Թեհրան-Ռիատ առանցքի նոր կլիման այս բոլոր գործընթացները ուղղակիօրէն խթանած են։ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարն ալ վերջերս յայտարարած էր, որ անհրաժեշտ է արաբական երկիրներուն եւ Սուրիոյ միջեւ երկխօսութեան սկսիլը եւ այս ուղղութեամբ փոխադարձ ըմբռնումը հետզհետէ կը խորանայ։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023