ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով՝ Պելժիոյ Փոխ-վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտէրս այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Ներկայիս Տիտիէ Ռէյնտէրս միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Եւրոխորհուրդի Նախարարներու կոմիտէն։ Ան երէկ երեկոյեան հասաւ Երեւան եւ այս առաւօտ տեսակցեցաւ Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Երկու նախարարները օրուան տեւողութեան կը վարեն բանակցութիւններ, նաեւ կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Տիտիէ Ռէյնտէրս կը հիւրընկալուի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, նաեւ կ՚այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
Երեւան ժամանելէ վերջ Տիտէի Ռէյնտէրս յայտարարութիւններ ըրաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան եւ «news.am» կայքէջին։ Այս առթիւ ան նշեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման աջակցելու առաքելութիւնը վստահուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի միայն քաղաքական ճանապարհով, խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ։ Ըստ իրեն, ներկայիս օրակարգի վրայ կը գտնուին առաջարկներ՝ սահմանի եւ շփման գծի երկայնքով միջադէպերուն վերջ տալու նպատակով։ Ըստ Ռէյնտէրսի, հակամարտութիւնը պէտք է այնպիսի հանգուցալուծում մը ունենայ, որ ընդունելի ըլլայ բնակչութեան համար։ Ռէյնտէրսի խօսքերով, Եւրոխորհուրդի Նախարարներու կոմիտէի նախագահի հանգամանքով իր նպատակն է բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Մինսքեան խմբակի դերակատարութեան վրայ եւ բանակցութիւններու միջավայր ստեղծել նաեւ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններուն համար։