ԼՈՒՐՋ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Անգարայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ կրակ ժայթքել այն բոլոր երկիրներուն դէմ, որոնք Ապրիլի 24-ի շրջանին բաժնեցին հայոց մօտեցումները։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին լուրջ ազդարարութիւններ ուղղեց այն բոլոր երկիրներուն, որոնք Ապրիլի 24-ին դիրք գրաուած են Հայաստանի կողքին։ Ըստ իրեն, այն բոլոր երկիրները, որոնք հայոց պնդումներուն կը զօրակցին, նախ եւ առաջ պէտք է մի առ մի մաքրեն իրենց իսկ պատմութեան արատները։
Էրտողան շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ, «Հալիճ» համագումարներու կեդրոնի երդիքին տակ ելոյթ մը ունեցաւ գործարարներու հաւաքին ընթացքին։ Ըստ իրեն, այս նիւթին շուրջ բոլորէն վերջ խօսելիք երկիրներու շարքին են՝ Գերմանիան, Ռուսաստանը եւ Ֆրանսան։ «Անցեալ դարուն Գերմանիա պատճառ դարձաւ երկու համաշխարհային պատերազմի, որոնց ընթացքին ապրուածները ակնյայտ են։ Մնաց որ, մինչ Գերմանիա կ՚ընէ այդ յայտարարութիւնները, մեր շուրջ մէկ միլիոն ցեղակիցները իր քաղաքացին են։ Երկու միլիոն ալ ոչ-քաղաքացի թուրք կայ այնտեղ։ Անհասկնալի է, որ երեք միլիոն թուրքի բնակած Գերմանիոյ մէջ հանրապետութեան նախագահը նման դիրքորոշման մը մէջ մտնէ», ըսաւ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։
Աւելի վերջ նախագահը կրկնեց, թէ թրքական կողմը պատրաստ է բանալու իր արխիւները։ «Մենք այս պահուն մեր արխիւներուն մէջ ունինք մէկ միլիոն փաստաթուղթ։ Ի պահանջել հարկին կրնանք բանալ նաեւ մեր զինուորական արխիւները։ Եթէ Հայաստանն ալ ունի, թող բանայ արխիւները։ Եթէ երրորդ երկիրներու մէջ կան, անոնք ալ թող բանան։ Թողունք պատմաբաններուն, պրպտողներուն, անոնք թող ընեն հետազօտութիւններ։ Բոլոր աշխատանքները թող պատրաստեն, մեր առջեւ թող բերեն, ատկէ վերջ մենք պատրաստակամ ենք առերեսուելու։ Մենք հանգիստ ենք», ըսաւ Էրտողան եւ անգամ մը եւս խօսք ուղղեց հայկական հաւաքականութեան եւ իրենց աջակիցներուն։ Ան շարունակեց.
«Եթէ պատմութեան դէպքերու հաշիւը այսօր տեսնելու ճանապարհը պիտի բացուի, ապա բնաւ կասկած չունենաք, թէ այս նիւթին շուրջ ամենահանգիստ երկիրը Թուրքիան է։ Դարձեալ կ՚ըսեմ յաւակնոտօրէն։ Օ՜ն Եւրոպական Միութիւն, մեզի խելք մի՛ տար, ինքզինքիդ պահէ։ Ինչո՞ւ։ Նայէ՛, կ՚ըսես, որ արխիւները բացուին։ Մենք տասնհինգ տարիէ ի վեր կ՚ըսենք, թէ պատրաստ ենք մեր արխիւները բանալու։ Ասոնք ականջ ունին, բայց չեն լսեր, աչք ունին, բայց չեն տեսներ, լեզու ունին, բայց ճշմարտութիւնը չեն խօսիր»։
Միեւնոյն ժամանակ Էրտողան նշեց, թէ թշնամութեան կողմը դիրքաւորուած են այն ղեկավարները, որոնք Ապրիլի 24-ին մեկնեցան Հայաստան։ «Մենք կը փափաքէինք, որ Պարոն Փութին չերթար Հայաստան, Պարոն Օլանտ չերթար Հայաստան, մենք Չանաքքալէի մէջ Հայաստանի ուղղեալ որեւէ պատասխան մը չտուինք, այդպիսի քայլ մըն ալ չառինք։ Այնտեղ գնաց երկու պետութեան ղեկավար, փառք Աստուծոյ մեր մօտ եկաւ քսան պետութեան ղեկավար։ Մինչ մենք պայքար կը մղենք աշխարհին խաղաղութեան պատգամ փոխանցելու, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ նման շարք մը երկիրներ, հայոց սուտերուն վրայ հիմնուած պնդումի մը աջակցելով՝ դիրք բռնեցին քինախնդրութեան, ատելութեան եւ թշնամութեան շարքին», ըսաւ Էրտողան։
Միւս կողմէ, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուն ալ մօտալուտ ընտրութիւններուն ընդառաջ շաբաթավերջին մասնակցած հանրահաւաքներուն ընթացքին անդրադարձաւ հայկական հարցին։