ՀԱՄԵՄԱՏԱԿԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ
Երէկ, «Պողազիչի» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական հարցին վերաբերեալ գիտաժողով մը։ Աշխարհի զանազան հեղինակաւոր համալսարաններէն յայտնի մասնագէտներ մասնակցեցան այս գիտաժողովին, որ կազմակերպուած էր Պատմութեան հիմնարկի (Tarih Vakfı) եւ UCLA-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Չորս գիտական նիստերու ընթացքին ատենախօսները շահեկան զեկուցումներով հայկական հարցը խոշորացոյցի տակ առին բազում երեսակներով։ «Հայոց ցեղասպանութիւն. համեմատական հեռանկարներ» խորագրեալ ձեռնարկի բացման ելոյթներով հանդէս եկան Պատմութեան հիմնարկի նախագահ Պիւլենտ Պիլմէզ եւ UCLA-ի Հայոց արդի պատմութեան ամպիոնէն Սեպուհ Ասլանեան։ Այս առթիւ երկուքն ալ կարեւորեցին Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին Իսթանպուլի մէջ նման գիտական ձեռնարկի մը կազմակերպուիլը, քանի որ ամէն ինչ սկսած էր այս քաղաքէն։ Միեւնոյն ժամանակ անոնք կանգ առին այս նիւթին վերաբերեալ քննադատական միտքի ձեւաւորման կարեւորութեան վրայ։ Ողջոյնի խօսքերուն յաջորդած առաջին նիստը վարեց Վանկելիս Քեխրիոտիս։ Ատենախօսներն էին՝ Տիք Մոզըս, Փընար Տոստ-Նիէկօ եւ Ուղուր Իւմիտ Իւնկէօր։ Եւրոպական համալսարանի կաճառէն Տիք Մոզըս իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ցեղասպանութեան հասկացութեան սահմանման եւ յետպատերազմեան շրջանին անոր կազմաւորման։ Ան հրեայ արմատներով Ռաֆայէլ Լեմքինի վկայութիւններուն լոյսին տակ համեմատութիւններ ըրաւ Հոլոքոստի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ։
Երկրորդ նիստը վարեց Սետա Ալթուղ։ Ատենախօսներն էին՝ Մեհմէտ Փոլատէլ, Քէյթ Տէյվիտ Ուաթենփոկ, Նորման Նէյմարք եւ Քեթի Քերմիչըլ։
Երրորդ նիստը վարեց Այֆէր Պարթու Ճանտան։ Զեկուցումներ ներկայացուցին Ճէյ Ուինթըր, Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէք եւ Մելիսա Պիլալ։
Գիտական նիստերու աւարտին փակման փուլին վերլուծուեցան օրուան տեւողութեան ներկայացուած զեկուցումները։ Այս առթիւ Պիւլենտ Պիլմէզի եւ Սեպուհ Ասլանեանի առընթեր արտայայտուեցան նաեւ Այհան Աքտար եւ անգլիացի յայտնի լրագրող Ռապըրթ Ֆիսք։