ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Մոս­կուա պա­տաս­խա­նեց Ան­գա­րա­յի վեր­ջին քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք հնչե­ցուած էին՝ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն հա­մար ցե­ղաս­պա­նու­թեան բնո­րոշ­ման օգ­տա­գործ­ման բե­րու­մով։ Թրքա­կան կող­մի բուռն հա­կազ­դե­ցու­թեան զու­գա­հեռ՝ Փու­թի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով ը­սաւ.

«Ինչ­պէս պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, այն­պէս ալ այ­սօր Հա­յաս­տա­նի հետ շատ մօ­տիկ եր­կիր­ներ ենք։ Մեր սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր, Ռու­սաս­տա­նի մէջ կ՚ապ­րին բազ­մա­թիւ հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով քա­ղա­քա­ցի­ներ։ Ա­ւե­լի՛ն, Հա­յաս­տա­նի մէջ կը գտնուէին նաեւ ու­րիշ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, ոչ միայն Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հը։ Ո­րե­ւէ պատ­ճառ չեմ կրնար տես­նել, որ­պէս­զի Թուր­քիա ժխտա­կան ար­ժե­ւո­րում մը ը­նէ։ Ա­նոնք, ո­րոնք Թուր­քիոյ մէջ պատ­րաս­տած են Ռու­սաս­տա­նը թի­րախ ընտ­րած այդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, խոր­հուրդ կու տամ՝ որ­պէս­զի ման­րա­մասն ձե­ւով ու­սում­նա­սի­րեն Փու­թի­նի Ե­րե­ւա­նի ե­լոյ­թը»։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2015