ՄՈՒՍԹԱՖԱ ԱՔԸՆՃԸ՝ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԹՈՒՐՔ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՆԱԽԱԳԱՀ
Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն։ Նկատի ունենալով, որ ընտրութեան առաջին փուլին թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չէր կրցած քուէներու 50 տոկոսէն աւելին ստանալ, երէկ, անխուսափելիօրէն տեղի ունեցաւ երկրորդ փուլը։ Մուսթաֆա Աքընճը այս հանգրուանին յաղթանակ ապահովեց՝ գերազանցելով Տերվիշ Էրօղլուն, որ վերջին տարիներուն կը վարէր նախագահի պաշտօնը։ Քուէներու 60.38 տոկոսին տիրանալով Մուսթաֆա Աքընճը ընտրուեցաւ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը։ Կը հաղորդուի, որ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիսն ալ հեռաձայնելով շնորհաւորած է Աքընճըի ընտրուիլը։