ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ շաբաթավերջին այցելեց Պաքու, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Երեւանի մէջ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն մասնակցելէ վերջ Պաքու ուղեւորուած էր Ֆրանսուա Օլանտ, որ Ալիեւի հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին ներկայ փուլը։ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցները տեղեկացուցին, թէ նախագահները կարծիքներ փոխանակած են բանակցային գործընթացի վերջին իրավիճակին շուրջ։ Ալիեւ բաւարարուածութիւն յայտնած է հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ Օլանտի աշխոյժ դերակատարութեան շուրջ։
Բաց աստի, պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը փաստաթուղթ մը ստորագրեցին Պաքուի մէջ Ատրպէյճանա-ֆրանսական համալսարանի մը բացման շուրջ։ Ատրպէյճանի Կրթութեան նախարարութեան եւ Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան, Հետազօտութիւններու բարձրագոյն կրթութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուեցաւ այս փաստաթուղթը։ Պաքուի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ եւ Ատրպէյճանի Կրթութեան նախարար Միքայիլ Ճապպարով ստորագրութիւն դրին սոյն փաստաթուղթին։