ԱՆՍԱՐԻ ԱՅՑԸ ԱՒԱՐՏԱԾ
Հնդկաստանի Փոխ-նախագահ Համիտ Անսար երէկ աւարտեց դէպի Երեւան իր պաշտօնական այցելութիւնը։ Շփումներուն վերջին օրը՝ երէկ, Համիտ Անսար այցելեց Երեւանի Պետական համալսարանը, ուր հանդէս եկաւ դասախօսութիւնով մը եւ իրեն շնորհուեցաւ պատուոյ տոքթորի կոչում։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան։ «Ես եկած եմ երկիր մը, որ թէեւ տարածութիւնով հեռու է Հնդկաստանէն, սակայն հեռու չէ հնդիկներու անհատական եւ հաւաքական յիշողութիւններէն։ Ես ծնած եմ Կալկաթա եւ երկար տարիներ անցուցած այդ քաղաքին մէջ, որու պատմական վայրերու շարքին են հայկական եկեղեցիներն ու բնակատեղիները», ըսաւ ան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան հաստատման հաւանականութեան վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ Անսար նշեց, թէ սա այն խնդիրն է, որ կը քննարկուի երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ։
Միւս կողմէ, դէպի Հայաստան պաշտօնական այցելութեան շրջագծով Համիտ Անսար այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր երէկ հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանն ալ ներկայ էր այս հանդիպման։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Հնդկաստանի մէջ հայ համայնքը այսօր եւս կը շարունակէ լիարժէքօրէն ապրիլ իր ազգային-եկեղեցական կեանքով, որուն աշխուժութիւն կ՚աւելցնէ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանիին տակ գործող, 1821 թուականին հիմնադրուած Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը։