«ՕՍՔԱՐ»Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ՝ 2019 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ 24-ԻՆ

«Օսքար» շարժանկարի յաջորդ մրցանակաբաշխութիւնը կը կայանայ 2019 թուականի Փետրուարի 24-ին, Լոս Անճելըսի, Գալիֆորնիա, Dolby թատրոնին մէջ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Շարժարուեստի ակադեմիան։

«Օսքար»ի յաւակնորդներու ընտրութիւնը կը սկսի 2019 թուականի Յունուարի 7-ին եւ կ՚աւարտի Յունուարի 14-ին: Անուանակարգորդները կը յայտարարուին Յունուարի 22-ին: Ապա քուէարկութեան երկրորդ փուլին ձեռնամուխ կ՚ըլլան Շարժարուեստի ակադեմիայի անդամները, որոնք կ՚որոշեն «Օսքար»ի դափնեկիրները: Այս եզրափակիչ փուլը կը բացուի Փետրուարի 12-ին ու կ՚աւարտի 19-ին:

Հաւանական է, որ մրցանակաբաշխութիւնը եթերային դրութեամբ հեռարձակ-ւի աշխարհի 225 երկիրներու եւ տարածքներու մէջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 27, 2018