ԱՐՄԷՆ ՃԻԿԱՐԽԱՆԵԱՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Ռուսահայ աշխարհահռչակ դերասան Արմէն Ճիկարխանեանի առողջական վիճակը ներկայիս կ՚արձանագրէ վերիվայրումներ։ Երէկ հաղորդուեցաւ, որ Արմէն Ճիկարխանեան փոխադրուած է հիւանդանոց եւ կը գտնուի մահաքունի մէջ։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս առաւօտ տեղեկացուց, որ յայտնի դերասանը դուրս եկած է մահաքունէն եւ բժիշկները իր վիճակը կը գնահատեն կայուն։ Այսօր ան կը փոխադրուի Մոսկուայի լաւագոյն հիւանդանոցներէն մէկը՝ որպէսզի վերջնական ախտորոշում մը կատարուի։

Հարկ է նշել, որ Արմէն Ճիկարխանեան տարեսկիզբէն ի վեր արդէն երրորդ անգամ հիւանդանոց փոխադրուած է։

Ուրբաթ, Ապրիլ 27, 2018