ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹ

Թիֆլիզի Պալիաշվիլիի անուան օփերայի եւ պալէի թատրոնին մէջ Ապրիլի 30-էն մինչեւ Մայիսի 5-ը կը կայանայ վոքալիստներու OPERA CROWN առաջին միջազգային մրցոյթը: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս», յայտնած են միջոցառման կազմակերպիչները: Մրցոյթին կը մասնակցին աշխարհի 20 երկիրներ ներկայացնող 50 կատարողներ: Գլխաւոր մրցանակի համար կը պայքարին Վրաստանէն, Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Յունաստանէն եւ այլ երկիրներէ մրցոյթի մասնակիցները:

Ընտրական փուլին մասնակցած են մրցոյթի 300 կատարողներ: Առաջին OPERA CROWN-ի դատակազմի նախագահ ընտրուած է Թիֆլիզի օփերայի եւ պալէի թատրոնի ղեկավար Պաթրի Մայսուրածէ:

Դատակազմին մէջ ընդգրկուած են ամերիկացի յառաջատար սոփրանօ Կրէյս Պամպրի, վրացի սոփրանօ Մակվալա Կասրաշվիլի, Լոնտոնի Քովընթ-Կարտըն թագաւորական թատրոնի արուեստագէտ Փիթըր Մարիօ Կատոնա, Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն-օփերայի արուեստագէտ Ճանըթըն Ֆրենտ, Իլիաս Ցեմպեթոնիտիս՝ Փարիզի Ազգային օփերայէն, Քրիսթինա Շեփելման՝ Պարսելոնայի Լիսէօ Մեծ թատրոնէն, Օլկա Ռոստրոփովիչ՝ Կալինա Վիշնեւսկայայի Օփերայի երգեցողութեան կեդրոնէն եւ այլք։

Ուրբաթ, Ապրիլ 27, 2018