ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հաստատութիւններու ներկայացուցիչները երէկ պատուեցին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմն ու տնօրէնութեան վերնախաւի բարձրաստիճան պատասխանատուները։ Վերջին տարիներուն ստեղծուած է դրական աւանդութիւն մը, որով ամառնամուտի շրջանին ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն մին կը կազմակերպէ ամառնամուտի ճաշկերոյթը։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի տնօրէնութեան վերնախաւի պատասխանատուներուն առընթեր, ճաշասեղանի շուրջ կը համախմբուին փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներու ներկայացուցիչները, անոնց մամուլէն դէմքեր եւ այլ գործիչներ։

Այս տարուան ամառնամուտի ճաշկերոյթի տանտէրն էր հրեայ համայնքը։ Երէկ, Քուլէտիպիի Նեւէ Շալոմ սինակոկի համալիրէն ներս կազմակերպուած ճաշկերոյթին մասնակցեցաւ աւելի քան 150 հոգի։ Բոլոր ներկաները հիւրընկալուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

Օրուան գլխաւոր մեծարեալն էր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Տքթ. Ատնան Էրթէմ, որու կողքին էին Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, Թուրքիոյ հրեայ համայնքի նախագահ Իսհաք Իպրահիմզատէհ եւ այլ համայնքներու կամ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ։ Մեր համայնքին կողմէ, նաեւ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան հաստատութիւններուն կողմէ բազմաթիւ ատենապետներ հրաւիրուած էին հաւաքոյթին։ Կազմակերպչական աշխատանքներուն ներգրաւուած էին Մորիս Լեւիի գրասենեակէն Մութեպէր Եըլմազճան, Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) ատենադպիր Յարութիւն Շանլը, հարթակի քարտուղարուհի Սիլվա Քումրուեան եւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու գծով տնօրէնուհի Թալին Կազէր։ Ճաշկերոյթի մասնակիցներուն հրամցուեցան հրեաներու խոհանոցէն աւանդական համադամներ։

Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Իսհաք Իպրահիմզատէհ, որ ըսաւ. «Մենք այնպիսի հայրենակիցներէն էինք, որոնք իրենց քայլերը կ՚առնէին մեր պետութենէն վախնալով։ Այսօր այլեւս այս կանխակալ կարծիքները կը փոխուին»։

Իպրահիմզատէհէն վերջ արտայայտուեցաւ Մորիս Լեւի, որ ընդգծեց, թէ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւնները չունէին իրարու հետ աշխատելու աւանդութիւնը։ Վերջին տարիներուն փոխադարձ ճանաչման տեսակէտէ առնուեցան կարեւոր քայլեր։ Պետութեան կողմէ կատարուած կարգադրութիւնով՝ Վաքըֆներու խորհուրդէ ներս փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի մը պաշտօնի ձեռնարկելն ալ եղաւ շատ օգտակար։ Այսօր այդ ներկայացուցիչը 167 վաքըֆ կը ներկայացնէ եւ այդ վաքըֆները մօտաւորապէս Թուրքիոյ 100 հազար քաղաքացիներու կեանքին հետ ձեւով մը կ՚առընչուին։ «Մենք ալ գործունէութիւն կը ծաւալենք ինչպէս այն միւս բոլոր վաքըֆները, որոնք կը ջանան օգուտ մը արտադրել Թուրքիոյ համար», ըսաւ Մորիս Լեւի, որ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ վերջին տասն տարուան ձեռքբերումներուն։ Իր խօսքով՝ այս ժամանակաշրջանի յաջողութիւնները անբաղդատելիօրէն աւելի են ամբողջ հանրապետական շրջանէն, իրաւունքի եւ արդարամտութեան ծիրին մէջ։ Ան խօսեցաւ նաեւ այն հարցերուն շուրջ, որոնց տակաւին լուծում մը գտնել կարելի չէ եղած։ Մորիս Լեւի այս ամբողջին մէջ թուարկեց առկախեալ ընտրութիւններու հարցը, փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու պարագային շարունակուող դատավարութիւնները, վաքըֆներու միջեւ միջոցներու փոխանակման սահմանափակումները, փոքրացած համայնքային ներուժի հետեւանքով անկառավարելի դարձած մեծ վաքըֆներու խնդիրները եւ այլն։

Մորիս Լեւի ընդգծեց, որ փոքրամասնական վաքըֆները համախումբ ձեւով կ՚աշխատին այս բոլոր խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ։ Ան առանձնապէս կանգ առաւ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու առկախուած ընտրութիւններու խնդրին վրայ։ Մորիս Լեւի շեշտեց, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը այս առումով կատարած է իրմէ կախեալ ամէն ինչ։ Այժմ կը սպասուի պետական աւելի բարձր օղակներու հաւանութեան։

Մորիս Լեւի խօսեցաւ նաեւ մօտալուտ Վաքըֆներու շաբթուան մասին։ Սա ունի աւանդական բնոյթ, սակայն այս տարի Վաքըֆներու շաբթուան հիմնական նիւթը նախատեսուած է կինը։ Կանանց վերաբերեալ զանազան ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան։ Մորիս Լեւի տեղեկացուց, որ այս ամբողջին մէջ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներն ալ ցուցահանդէս մը պիտի կազմակերպեն։ Այդ ցուցահանդէսին մէջ լայն հասարակութեան պիտի ներկայացուին զանազան փոքրամասնական հաւաքականութիւններու այն կիները, որոնք իրենց ընդգրկած ասպարէզէն ներս աննախընթաց ձեռքբերումներ ապահոված են երկրին համար։

Ելոյթի աւարտին Մորիս Լեւի տեղեկացուց, որ այս տարի առաջին անգամ հաստատուած է մրցանակ մը՝ փոքրամասնական վաքըֆներու վարիչները մեծարելու եւ անոնց ներդրած վաստակին համար երախտագիտութիւն արտայայտելու առաջադրութեամբ։ Այս տարուան առաջին պարգեւը յանձնուեցաւ յոյն համայնքէն յայտնի գիտնականի մը՝ Փրոֆ. Եորկօ Սթեֆանոփուլոսին։ Ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի ձեռամբ իր յուշանուէրը ստացաւ Եորկօ Սթեֆանոփուլոս, որ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Նոյնաժամանակ, ի յիշատակ երէկուան հաւաքոյթին յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ ընդհանուր տնօրէն Էրթէմին։ Այդ յուշանուէրը յանձնեց հիւրընկալ հրեայ համայնքի նախագահ Իսհաք Իպրահիմզատէհ։

Յայտագրի եզրափակիչ փուլին արտայայտուեցաւ Ատնան Էրթէմ, որ ուրախութիւն յայտնեց այս ձեւաչափով կազմակերպուած հաւաքոյթներուն համար ու մաղթեց տեւականութիւն։ Արդարեւ, ան համոզուած է, որ փոխադարձ հաղորդակցութիւնը վառ պահելու տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն այսպիսի հաւաքոյթները։ «Սա հարթակ մըն է՝ որպէսզի մենք զիրար հասկնանք», ըսաւ Ատնան Էրթէմ եւ ընդգծեց, որ նման սեղաններու շուրջ մարդիկ խնդիրներու առընթեր կը բաժնեն նաեւ բարձր տրամադրութիւն։ «Անոնք, որոնք կը գտնուին այստեղ, զգացումներու կլիմայ մը կը ստեղծեն՝ իրարու նկատմամբ տածուած հաւատով ու վստահութեամբ։ Այստեղ ոեւէ մէկը չի կասկածիր իրարու անկեղծութենէն ու բարեացակամութենէն», ըսաւ ան։

Աւելի վերջ ընդհանուր տնօրէնը խօսեցաւ փոքրամասնական վաքըֆներու առկայ խնդիրներուն շուրջ։ Բացի արձանագրուած յաջողութիւններէն, ան մատնանշեց, որ տակաւին կան անլոյծ խնդիրներ։ «Մենք գիտենք, որ դուք Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան բարեացակամութենէն չէք կասկածիր նոյնիսկ այն հարցերու պարագային, որոնց լուծումը տակաւին չէ գտնուած», ըսաւ Ատնան Էրթէմ եւ ընդգծեց, որ առկախեալ ընտրութիւններու հարցին լուծումը հասած է մինչեւ որոշ կէտ մը։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը պատրաստած է ընտրական կանոնադրութեան նախագիծ մը եւ հետամուտ կը մնայ այս խնդրին։ Բայց եւ այնպէս, հասկնալի է, որ այս հարցին լուծումը կախեալ չէ միայն Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութենէն։ Վերջնական որոշման համար անհրաժեշտ է նաեւ այլ մարմիններու հաւանութիւնը, ինչ որ բնական կը համարուի պետութեան գործելաոճին տեսակէտէ։ Ատնան Էրթէմ մաղթեց, որ յառաջիկայ նոր շրջանին առաջ Աստուած այս խնդիրն ալ կը գտնէ իր լուծումը։ Ան քիչ մըն ալ կատակելով յիշեցուց, որ մինչեւ ընտրութիւններու կասեցումը՝ 18 դատ բացուած էր Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան դէմ։ Այդ դատերը ընտրութիւններու արդիւնքի վիճարկման նպատակը ունէին։ Հետեւաբար, Ատնան Էրթէմ նոյնպէս կատակախառն ոճով նշեց, որ ընտրութիւններու առկախումը ապահոված է նաեւ փոքրամասնական վաքըֆներէ ներս նոր տարաձայնութիւններու կանխուիլը։

Ընդհանուր տնօրէնը աւելի վերջ անդրադարձաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի միջեւ վերջին օրերուն տեղի ունեցած տեսակցութեան, որուն ներկայ գտնուած էր նաեւ ինքը։ Այնտեղ ծաւալուած շարք մը խօսակցութիւններու լոյսին տակ ընդհանուր տնօրէնը ընդգծեց, որ ճիշդ չէ դատարան դիմել այն խնդիրներու պարագային, որոնց լուծումը կը գտնուի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ։ Ատնան Էրթէմ շեշտեց, որ իրենք կ՚աշխատին՝ որպէսզի պատմութեան սեփականութիւնը դառնան այն բոլոր խնդիրները, որոնք կը վերաբերին փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու սեփականութեան իրաւունքին։ Իր խօսքերով՝ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ միշտ կ՚առաջնորդուի այն մօտեցումով, թէ իրաւունքը պէտք է յանձնել իրաւատիրոջ։

Հաւաքոյթի վերջաւորութեան հաղորդուեցաւ, որ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներուն կողմէ վերջին տարիներուն Ռամազանի շրջանին կազմակերպուած իֆթարի աւանդական հաւաքոյթը այս տարի կը նախատեսուի 6 Յունիս 2018, Չորեքշաբթի։ Այս տարուան տանտէրն է յոյն համայնքը։ Հաւանական է, որ հաւաքոյթը տեղի ունենայ Ֆէնէրի յունաց լիսէին մէջ։ Ամենայն հաւանականութեամբ իֆթարի սեղանին մասնակցութիւն կը բերէ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։

Ճաշկերոյթի աւարտին Ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ եւ բոլոր ներկաները նկարահանուեցան՝ նախապէս պատրաստուած հարթակի մը վրայ եւ այսպէսով հաւաքոյթը հասաւ իր աւարտին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 27, 2018