Կիրակի 26, Յունուար 2025
ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԻ ԾՐԱԳԻՐ
Իտալիոյ Մշակոյթի նախարարութիւնը սկսած է Notturni D՚Arte («Արուեստի գիշերներ») նախագծին, որ զբօսաշրջիկներուն հնարաւորութիւն կու տայ Վատիկանի թանգարանները այցելել Ուրբաթ օրերը՝ մայրամուտէն յետոյ:
Այս մասին կը հաղորդէ թանգարանի պաշտօնական կայքէջը։ Բոլոր փափաքողները կրնան ուղեցոյցի ուղեկցութեամբ թանգարաններուն մէջ շրջիլ ժամը 19.00-էն վերջ մինչեւ 23.00-ը։ Մուտքի արժէքը կը կազէ 21-38 եւրոյի միջեւ, իսկ տոմսերը կարելի է ապահովել միայն կայքէջէն։ Նաեւ երեկոյեան այցելութեան ծրագրի մէջ ներառնուած է համերգային ծրագիր: Notturni D՚Arte նախաձեռնութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբերի 26-ը:
Ուրբաթ, Ապրիլ 27, 2018