ԱՍՏՂԱՇԷՆ ԵՒ ՇՈՇ ԳԻՒՂԵՐԸ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ ՆՈՌԱԿԱՌՈՅՑ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶՆԵՐ

Սեպտեմբերին Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն եւ Շոշ համայնքներուն մէջ գործածութեան պիտի յանձնուին նորակառոյց մանկապարտէզները:

Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ այս մասին ըսած է Ասկերանի Կրթութեան բաժնի վարիչ Կառլէն Մայիլեան՝ նշելով, որ շրջանի 19 համայնքներուն մէջ արդէն կան մանկապարտէզներ, ուր կը յաճախէ 425 երեխայ:

Արցախի Քաղաքաշինութեան նախարարութեան թեքնիկ աշխատանքներու հսկիչ Ազատ Համբարձումեան ըսած է, որ Արցախի պետական ամավարկով իրականացուող Աստղաշէնի մանկապարտէզի շինարարական աշխատանքները սկսած են 2018 թուականին: Ան մէկ յարկանի շինութիւն է՝ նախատեսուած 30 երեխաներու համար: Աշխատանքներուն մեծ մասը աւարտած է, ներկայիս կ՚իրականացուի ներքին յարդարման աշխատանքները, որուն աւարտէն ետք պիտի բարեկարգուի նաեւ մանկապարտէզին տարածքը:

Իսկ Շոշ համայնքի մանկապարտէզի շինարարական աշխատանքները, որոնք կը համագանձատրուին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ Արցախի պետական ամավարկին կողմէ, սկսած են 2018 թուականէն: Մանկապարտէզի շէնքը մէկ յարկանի է՝ նախատեսուած 50 երեխայի համար: Այժմ կ՚իրականացուի արտաքին յարդարման եւ տարածքի բարեկարգման աշխատանքները, յայտնած է գիւղապետ Էրիք Աբրահամեան։

 

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2019