ԼՃԱՇԷՆԻ ՄԷՋ ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Գեղարքունիքի մարզի Լճաշէն գիւղին մէջ, այս տարի, պիտի բացուի եւ գործէ հնագիտական թանգարան: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը։

Լճաշէն համայնքի ղեկավար Կորիւն Մարգարեանի խօսքով՝ թանգարանը պիտի հիմնուի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ իրականացուող նպաստամատոյց ծրագրի ծիրէն ներս: Անիկա պիտի գործէ Լճաշէնի մշակոյթի տան կիսանկուղային յարկին մէջ, մօտաւորապէս 200 քառակուսի մեթր տարածքի վրայ: Թանգարանի տարածքին, նորոգման համար, նախատեսուած է ծախսել 10 միլիոն դրամ, որուն 5.5 միլիոն դրամը պիտի յատկացնէ Լճաշէնի համայնքապետարանը, 4.5 միլիոն դրամը՝ Հայաստանի կառավարութիւնը:

«Լճաշէնը Հայաստանի այն բացառիկ բնակավայրերէն է, ուր մարդկային կեանքը ծագած ու զարգացած է անյիշելի ժամանակներէ: Մեր գիւղէն յայտնաբերուած պատմական նիւթերը կը պահպանուին Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ:

«Լճաշէնը շատոնց միջազգային հանրահռչակում ունի արտասահմանցի հնագէտներու մօտ, անով հետաքրքրուած են նաեւ աշխարհի բազմաթիւ հնագէտներ, սակայն մեր հիմնական նպատակն է՝ զարգացնել հնագիտական զբօսաշրջութիւնը: Լճաշէնի մէջ պահպանուած հնագոյն դամբարանադաշտերը, բերդաքաղաքը, Արգիշտի Առաջինի սեպագիր արձանագրութիւնը, դամբարաններէն ու բերդաքաղաքէն գտնուած իրերը՝ զէնքեր, կիրառական արուեստի նմոյշներ, մարտակառքեր, կմախքներ, խեցեղէն կամ արհեստագործական նիւթեր, շատոնց ճանչցուած ու գնահատուած են, սակայն մենք պէտք է ամբողջացնենք այդ բոլոր արժէքները, շատ աւելի հանրահռչակենք զանոնք, որպէսզի կարենանք մէկ կողմէն զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք ապահովել, միւս կողմէն ալ նպաստել հնագիտական ուսումնասիրութիւններու ծաւալման: Պիտի աշխատինք ետ բերել նաեւ այն արժէքները, որոնք տարբեր ժամանակներ դուրս բերուած են մեր համայնքէն եւ կը պահպանուին ու կը ցուցադրուին այլ տեղեր: Թանգարանը պիտի գործէ տեղական պիւտճէի միջոցներու հաշուին», նշած է Կորիւն Մարգարեան:

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2019