ՈՉ ԵՒՍ Է «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ ՏԻԳՐԱՆ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆ

Հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ապրեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Տիգրան Ֆարմանեանի մահուան բերումով։ Ան մահացաւ անժամանակ եւ երկար ժամանակէ  ի վեր կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։

Տիգրան Ֆարմանեան 1953 թուականին, խորհրդային շրջանին ծնած էր Վրաստանի մէջ եւ շատ երիտասարդ տարիքով, միջնակարգը աւարտելէ անմիջապէս վերջ հաստատուած էր Հայաստան։ Աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանի Բանասիրական ֆաքիւլթէի լրագրութեան բաժինը։ Մամլոյ աշխարհէ ներս զանազան պաշտօններ վարելէ վերջ, 2001 թուականին ստանձնած էր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթի գլխաւոր խմբագրի պաշտօնը։ Արժանացած էր Վաստակաւոր լրագրողի կոչման։

Երեւանի Կոնդ թաղամասի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ առաւօտ տեղի ունեցաւ Տիգրան Ֆարմանեանի յուղարկաւորութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2019