ՓԻՐՈՒԶ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆԻ «ԼԵՀԱՀԱՅԵՐ, ՁԵՌԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԳՈՒԹԻՒՆ» ԳՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Վարշաւիոյ համալսարանի գրադարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Երեւանի Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող Փիրուզ Մնացականեանի հեղինակած «Լեհահայեր, ձեռագրական ժառանգութիւն» գիրքի շնորհանդէսը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ շնորհանդէսը կազմակերպուած էր Լեհաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան կողմէ։ Այս առթիւ խօսք առաւ Լեհաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան։ Ան բարձր գնահատելով Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանին մէջ փիլիսոփայութեան տոքթորի ատենախօսական թեզը պաշտպանած առաջին հայուհիի կատարած աշխատանքը, կարեւորեց երկու ժողովուրդներու պատմական համատեղ անցեալի վրայ հիմնուած տուեալ աշխատութեան եւ գիտական յետագայ ուսումնասիրութիւններու ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը:

Իր կարգին, Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Փիրուզ Մնացականեան հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ՝ ներկայացնելով ուշագրաւ եւ հանգամանալից տեղեկութիւններ Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառին մէջ՝ Մատենադարանի երդիքին տակ պահպանուող լեհահայ գրչութեան՝ մասնաւորապէս հեղինակուած Սիմէոն Լեհացիի, Ստեփանոս Լեհացիի, Ստեֆան Ռոշկոյի կողմէ, շարք մը առաձնայատկութիւններու, ձեռագրերու բովանդակային ընդհանրութիւններու եւ արխիւային վաւերագրերու մասին:

Բանախօսութեան աւարտին տեղի ունեցած հարց ու պատասխանէ յետոյ Մնացականեանի մակագրմամբ աշխատութեան օրինակներ նուիրուեցան ներկաներուն։

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2019