ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՕՐԵՐ ՅԵՏՈՅ

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Երանաշնորհ Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հօր վախճանման քառասունքը արդէն իսկ անցած է։ Մեր հոգեւոր պետը իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց Մեծ պահոց օրերուն եւ քառասունքը զուգադիպեցաւ Աւագ չորեքշաբթի օրուան։ Աւագ չորեքշաբթիին մենք կը յիշենք այն անարգ սակարկութիւնը մեր Փրկչի մատնութեան համար։ Երեսուն արծաթը որոշուած էր որպէս մատնութեան գին անգին Աստուածորդւոյն համար։ Շարականի բառերը մեզ կ՚առնեն կը տանին այն ճշմարտութեան թէ՝ երկինքն ու երկիրը ոչինչէն ստեղծողը աժան գնով կը վաճառուէր. «Որ բանիւն իւրով զերկինս եւ զերկիրս հաստատեաց յոչնչէ գոյացուցեալ. վաճառի այսօր դիւրագին ընդ երեսուն արծաթոյ»։ Այս էր աշխարհի սակարկութիւնը, նկարագրուած՝ Ս. Աւետարանի մէջ։

Սակայն կար ճշմարտութիւն մը, որ կը բղխէր հաւատաւոր կեանքէ, ըստ որում Քրիստոս եւ Իր առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ այս առաքելութեան շնորհը կարելի չէր չափել նիւթականով։ Զայն կարելի չէր դիւրագին ածականով որակել, քանի որ կարելիութիւնը չկար որոշել գինը։ Այդ առաքելութիւնը յառաջ կը տարուէր Պատարագամատոյցի բառերով «միշտ անծախապէս»։

Քրիստոսի առաքելութեան նիւթականով անկշռելի հանգամանքը շեշտադրուեցաւ նուիրեալներու խումբի մը առողջ գործունէութեամբ։ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ, Հոգելոյս Շնորհք Ծ. Վրդ. Գասպարեան եւ Մեսրոպ Աբեղան գործակցեցան, ընդգծելով եկեղեցւոյ հոգեւոր շինութեան համար Ս. Գրքի եւ յատկապէս Ս. Աւետարանի քարոզութեան կարեւորութիւնը։ Անոնք ունէին հասարակաց եզր մը, որ էր իրենց խոր համոզումը, թէ միայն ծիսական արարողութիւններով կարելի չէր ժողովուրդին հոգեւոր սնունդ ջամբել, այլ անոր առընթեր պէտք էր մատակարարել նաեւ Աստուծոյ Խօսքը եւ քրիստոնէականի պարզ, սակայն կենսական գիտելիքները։ Անոնք դիտարկելով ժողովրդային խաւերը՝ նշմարած էին, թէ Ս. Գիրքը ըստ բաւականի տեղ չէր գրաւած մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքէն ներս։ Այս խոր համոզման պտուղը եղաւ Ս. Գրքի քարոզութեան արշաւի մը սկիզբը։ Ձեռնարկուած արշաւի ճանապարհին բնականաբար չէր անտեսուեր եկեղեցւոյ կանոնական ծիսական դրութիւնը։

Քրիստոս իր քարոզութեանը մէջ շեշտած էր թէ՝ «չէր եկած օրէնքը եւ մարգարէները ջնջելու. այլ լրացնելու» (Մատթէոս, 5.17)։ Հակառակ այս շեշտադրման իր քարոզութիւնները լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած էին հրեայ մեծամեծ անձնաւորութեանց մօտ։ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ սկսած այս քարոզչական առաքելութիւնը հարցականներ ստեղծած էր զանազաններու մտքերուն մէջ, որոնք Հայ Եկեղեցւոյ աւանդական վարդապետութեան սկզբունքներուն հաւատարիմ անձերու քարոզութիւնը կ՚որակէին նորելուկ։ Բացառութիւնները միշտ յարգելով կը յիշենք, թէ տարիներ շարունակ եկեղեցի յաճախած, եկեղեցւոյ ծառայած անձեր հակառակ անոր որ շարունակ լսած կամ երգած էին «Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ որ խաչեցար վասն մեր ողորմեա մեզ», ինչպէս նաեւ շարունակ կարդացած՝ «Հաւատոյ Հանգանակ»ը, չէին կրնար ընդունիլ, թէ Քրիստոս մարմին առած Աստուծոյ Խօսքն էր։ Անոնք Քրիստոսի անձին մէջ կը տեսնէին լոկ մարգարէ մը, ազդուած ըլլալով ոչ-քրիստոնեայ շրջանակներէն։

Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի օրհնած ծառայութեան նուիրեալները «համարձակօրէն քարոզեցին Աստուծոյ Խօսքը առանց երկիւղի» (Փիլիպպեցիս, 1.14)։ Անոնք անտեսելով անգիտակիցներու որդեգրած կրաւորական դիրքաւորումը աշխատեցան, միշտ ի մտի ունենալով ժողովուրդի օգուտը։ Որպէս նուիրեալ սերմնացաններ իրենց հունտերը սերմանեցին։ Իրենց այս կեցուածքը հիմնաւորուած էր Քրիստոսի առաքեալներուն ուղղած խօսքին վրայ. «Այստեղ, այս աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհաննէս, 16.33)։

Հոս կը փափաքինք առանձնացնել այս երեք երախտաշատ հոգեւորականներէն մին՝ Մեսրոպ Աբեղան, որ յետագային որպէս վարդապետ եւ եպիսկոպոս, հուսկ՝ Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ հաւատարիմ մնաց այս ծառայութեան ուխտին, «մնաց եւ ապրեցաւ մեզի հետ, որպէսզի մենք զարգանանք եւ ուրախ ըլլանք հաւատքի մէջ» (Փիլիպպեցիս, 1.25)։ Իր քարոզներով, դասաւանդութիւններով ծառայեց նոյն ուղղութեամբ, կեանքի կոչելով վարդապետական գաւազանի տուչութեան պահուն լսած աղօթքի բառերը. «պարտ էր նախ քարոզել մեղաւոր տգէտներուն եւ անհաւատներուն։ Երկրորդ՝ քարոզել առանց կեղծաւորութեան եւ առանց աչառութեան։ Երրորդ՝ քարոզել աներկիւղ։ Չորրորդ՝ պարզ եւ յստակ քարոզել։ Հինգերորդ՝ իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ քարոզել։ Վեցերորդ՝ կշտամբել, յանդիմանել եւ մխիթարել։ Քարոզել՝ անապատ եւ աւեր տեղեր այսինքն հոգիով անապատացածներուն եւ աւերուածներուն»։ Այս առաքելութիւնը ունեցաւ պտուղներ. դպրաց դասու անդամներ սկսան տակաւ առ տակաւ համոզուիլ, թէ քարոզխօսութեան պահը արտաքոյ եկեղեցւոյ զբօսանքի ու շաղակրատելու պահ չէր իրենց համար։ Հաւատացեալ ժողովուրդը տաճարի մէջ ներկայութեան դիրքէն դուրս գալով, տակաւ առ տակաւ կը բարձրանար արարողութեանց մասնակցողի դիրքին։ Քրիստոսի խօսքը թէ՝ «ամէն ժամ պէտք է աղօթել եւ չձանձրանալ» (Ղուկաս, 18.1), սկսած էր կարգախօսի վերածուիլ եւ հանդիսանալ՝ առաջնորդը աղօթանուէր կեանքի։

Կարճատեւ եղաւ Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր գահակալութեան գործօն օրերը, սակայն Ս. Գիրքի եւ աղօթքի կարեւորութեան համոզուած հաւատացեալներու համար անմոռանալի կը մնար շուրջ երեսուն տարուան իր աշխոյժ ծառայութիւնը։ Անոնք, ի տես անողոք հիւանդութեան ճիրաններուն մատնուած Վարդապետին, իրենց բերանները բացին ի խորոց սրտէ բղխած խօսքերուն, առ՝ Բարձրեալն Աստուած։ Աստուծոյ եւ Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր նկատմամբ սնուցուած սիրոյ զգացումէն մղուած հաւատքը եւ յոյսը իրարու գօտեպնդուած էին եւ մարդիկ առանց անտեսելու Տէրունական աղօթքի «եղիցին կամք քո որպէս յերկինս եւ յերկրի» համարը, իրենց յոյսը դրած էին Աստուծոյ հրաշագործ զօրութեան վրայ։ Գտնուեցան անձեր՝ որոնք քմծիծաղով մօտեցան։ Գտնուեցան անձեր նոյնիսկ իրենց քմծիծաղը բարձրացուցին ծաղրանքի մակարդակին։ Սակայն հակառակ այս բոլորին, սիրելի Պատրիարք Հայր, դուք յատկապէս մնացիք եկեղեցւոյ հաւատարիմ ու հաւատաւոր սպասաւորներու եւ հաւատաւոր անձերու աղօթքներուն մէջ։

Երբ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր առաքելութեան մասին կ՚արտայայտուինք, քաւ լիցի որ անտեսած ըլլանք Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի արժանաւոր գահակալները, ինչպէս նաեւ արժանաւոր հոգեւորականներու ծառայութիւնները, որոնք արդէն իսկ արձանագրուած են ու կը շարունակուին արձանագրուիլ երկնային տոմարներուն, նաեւ եկեղեցւոյ պատմութեան էջերուն մէջ։

Սիրելի Պատրիարք Հայր, ի վերջոյ Աստուծոյ կամքը այնպէս մը տնօրինեց, որ դուք առյաւէտ բաժնուիք մեզմէ եւ միանաք մեր երախտաշատ ու անմոռանալի հայրապետներու փաղանգին, ու երկնային կայքէն ի հոգեւորս շարունակէք Ձեր աղօթանուէր կեանքը։ Վստահ ենք, որ սիրելի Պատրիարք Հայր, ձեր աղօթքները կը շարունակէք մեզի՝ Ձեր որբացած զաւակներուն անդորրութեան եւ խաղաղութեանը համար։ Վստահ եմ, թէ կը շարունակէք աղօթել, որ հաւատքի կեանքը վառ մնայ մեր սրտերուն մէջ։ Վստահ եմ, թէ կ՚աղօթէք, որ մեր հաւատարմութիւնը հանդէպ Աստուծոյ Եկեղեցիին մնայ աներեր, անխախտ։ Նաեւ վստահ եմ, թէ Դուք կը շարունակէք մեր ժողովուրդի, Ձեր հոգեւոր զաւակներու հոգեւոր կեանքին մասին մտահոգուիլ։ Դարձեալ վստահ եմ, թէ Դուք կ՚աղօթէք, որ ժողովրդանուէր եւ եկեղեցաշէն առաքելութեան ուղին Աստուծոյ օրհնութեամբ մնայ «անհատ եւ աննուազ», նման մեր սեղաններու հացին։ Վստահ եմ, թէ կը շարունակէք աղօթել Հայ Եկեղեցւոյ շինութեան եւ պայծառութեան համար ընդհանրապէս եւ Թուրքիոյ հայ համայնքին համար՝ մասնաւորապէս։

Քառասուն օրեր անցան Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր վախճանման վրայէն։ Այսօր կ՚ապրինք Ս. Յարութեան ուրախութիւնը եւ թօթափած ենք սուգի մթնոլորտը, սակայն կը շարունակենք մեր սրտերուն մէջ ապրիլ բացուած եւ կոտտացող վէրքին ցաւը։ Կ՚ապաւինինք Ս. Հոգւոյ մխիթարութեան եւ կ՚աղօթենք Մաշտոցի բառերով. «Տէր Աստուած, որ Տէր ես հոգւոց եւ ստեղծիչ մարմնոց, հանգո զհոգի Մեսրոպ Պատրիարք ծառայիս քո ընդ սուրբս քո. Զի դու ես հանգուցիչ քոյոց կամարարարաց եւ սփոփիչ եւ մխիթարիչ հոգւոց հանգուցելոց։ Ընկալ եւ այժմ զխնդրուածս մեր եւ կատարեա ի բարի զաղօթս մեր…»։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2019