ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս տարի եւս պատգամ մը հրապարակեց Ապրիլի 24-ի առթիւ։ Այսպէսով ան տեւականացուց վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացը եւ հերթական անգամ ցաւակցեցաւ Առաջին աշխարհամարտի մթնոլորտին մէջ զոհուած օսմանահայերու շառաւիղներուն։ Էրտողան սովորաբար Ապրիլի 24-էն օր մը առաջ արդէն կը հրապարակէր իր պատգամը, իսկ այս տարի Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները զայն թողարկեցին նոյն օրը՝ Ապրիլի 24-ին, օրուան երկրորդ կէսին։
Նախագահ Էրտողանի պատգամի հրապարակման նախորդեցին իր բանբերին՝ Իպրահիմ Քալընի յայտարարութիւնները։ CNN TÜRK-ին կատարած յայտարարութեան մէջ Քալըն յայտնեց, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը երբեք թոյլ պիտի չտայ պատմական իրողութիւններու խեղաթիւրման եւ նոր թշնամութիւններու։ «Հերթական անգամ պիտի սխալին անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ ցեղասպանութեան սուտով եւ քաղաքական հաշուարկներով վնաս պիտի հասցնեն Թուրքիոյ», ըսաւ Քալըն։ Թուրքիա այս չարաշահումներուն, սուտերուն եւ զրպարտութիւններուն երբեք տեղի պիտի չտայ՝ իր պետութիւնով, ազգով ու բոլոր անհատներով։
Միեւնոյն ժամանակ Քալըն նշեց, որ անոնք, որոնք կը խուսափին պատմական իրողութիւններէն եւ հետամուտ են քաղաքական հաշուարկներու, միշտ խուսափած են նաեւ ընդառաջելու նախագահ Էրտողանի կոչին՝ 1915 թուականի դէպքերու ուսումնասիրութեան համար պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով մը կազմելու ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ 2009 թուականին ստորագրուած, սակայն կեանքի չկոչուած արձանագրութիւնները պատմական քայլ մըն էին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման, քաղաքական ու տնտեսական բնականոնացման եւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար։ Այս քայլը Հայաստանի կողմէ անփոխադարձ թողուած է՝ ցեղասպանութեան լոպիի ճնշումով։ Նախագահ Էրտողանի կողմէ 23 ապրիլ 2014 թուականին հրապարակուած 1915-ի վերաբերեալ պատգամն ալ հետամուտ էր հարիւր տարուան ցաւի մը խաղաղութեան ձեռք երկարելու եւ հասարակաց ցաւերը սպիացնելու։ Բայց եւ այնպէս, այս քայլն ալ առ ոչինչ համարուեցաւ չարաշահման լոպիներուն կողմէ։
«Առաջին աշխարհամարտին ժամանակ տրուած կորուստները մեր բոլորի հասարակաց ցաւն են։ Տեղահանման որոշումով գաղթելու պարտաւորուած մեր հայ հայրենակիցներու մահը, հայոց ապստամբութիւններուն հետեւանքով Անատոլուի անմեղ մարդկանց դէմ սպանդը եւ 1850-1920 թուականներուն գաղթերու եւ պատերազմներու հետեւանքով շուրջ 5 միլիոն մահմետականի զոհուիլը՝ կը հանդիսանան մեր հասարակաց ցաւը։ Մեր վէրքերը չի սպիացներ այդ ցաւերը մրցակցութեան մէջ դնելը։ Պատմական ճշմարտութիւնները չեն կրնար թաքցնել անոնք, որոնք քաղաքական փոքր հաշիւներով Թուրքիոյ դէմ թշնամութիւն կ՚ընեն։ Ցեղասպանութեան լոպիի թշնամական լեզուն նպաստ մը չի բերեր մեր ներկային եւ մեր ապագային», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն։
Իպրահիմ Քալըն վերյիշեց նաեւ 1973-1984 թուականներուն ԱՍԱԼԱ ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ սպաննուած թուրք դիւանագէտները եւ շեշտեց, որ անոնք երբեք պիտի չմոռցուին ու բոլորը պէտք է գիտնան այս բանը։ Առիթէն օգտուելով ան նահատակ դիւանագէտներուն համար հայցեց Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Ըստ Քալընի, կարգ մը երկիրներ կը ջանան թուրք ազգը դատապարտել յանցագործութեան մը համար, որ չէ կատարուած անոր կողմէ։ Այս ուղղութեամբ կարգ մը որոշումներ ընդունող երկիրները նախ եւ առաջ պէտք է նային իրենց մութ պատմութեան։ «Արխիւներու եւ պատմական ճշմարտութիւններու լոյսին տակ, բանիմացութեան եւ խղճի հիման վրայ, հասարակաց ցաւի եւ համատեղ ապագայի հեռանը-կարի առանցքով՝ Թուրքիա պատրաստակամ է դրական պատասխան տալու ամէն տեսակ մօտեցման եւ պիտի շարունակէ աշխատիլ մեր տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութեան, անդորրութեան եւ կայունութեան համար», յայտնեց Իպրահիմ Քալըն։
Միեւնոյն ժամանակ նախագահի բանբերը ընդգծեց, որ 24 ապրիլ 1915 թուականին ընդունուած տեղահանութեան որոշումը՝ «հաւատարիմ ազգ» յորջորջուած հայերը ամբողջութեամբ բնաջնջելու ուղղեալ քաղաքականութենէ մը չէր բխած։