ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ յառաջիկայ շրջանին Թուրքիոյ մէջ ամբողջական սահմանափակումներ պիտի հաստատուին։ Նկատի ունենալով, որ մասնակի սահմանափակումները ակնկալուած արդիւնքը չեն տուած համաճարակի ծաւալման թափը կասեցնելու առումով, պետական մարմինները անխուսափելիօրէն նոր արժեւորումներու ձեռնարկած են։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ երէկ տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին ժամանակ քննարկման ենթարկուեցան այդ արժեւորումներն ու մասնագիտական կարծիքները։ Հուսկ, ժողովի աւարտին յայտարարուեցան նոր նախազգուշական միջոցներ։ Ինչպէս միշտ, Էրտողան այդ բոլորին բացատրութիւնները անձամբ տուաւ՝ ժողովին յաջորդած յայտարարութիւններուն ժամանակ։

29 ապրիլ 2021, հինգշաբթի, ժամը 19.00-էն սկսեալ, մինչեւ 17 մայիս 2021, երկուշաբթի, ժամը 05.00՝ Թուրքիոյ մէջ ի զօրու պիտի ըլլայ ամբողջական սահմանափակումներու դրութիւն։ Բովանդակ երկրէն ներս ի զօրու պիտի ըլլան նախատեսուած խիստ սահմանափակումները։ Փողոց դուրս գալու արգելքէ սկսեալ, մինչեւ միջքաղաքային ուղեւորութիւններու կասեցում՝ շարք մը խիստ նախազգուշական միջոցներ ձեռք պիտի առնուին այս ընթացքին։

Նախարարաց խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ Ներքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներու կուսակալութիւններուն ուղարկեց շրջաբերական մը, որով ամենայն մանրամասնութեամբ բնութագրուեցան ամբողջական սահմանափակումներու շրջանի մանրամասնութիւնները։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարութեան շրջաբերականին մէջ թուարկուած են նաեւ այն պարագաները, անհատները կամ կառոյցները, որոնք պիտի համարուին բացառութիւն։  

Երեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2021