ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄ

Լիթվայի Արտաքին գործոց նախարար Կապրիէլիուս Լանտսպերկիս երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեցին հիւր նախարարը։ Օրուան տեւողութեան հիմնական բանակցութիւնները տեղի ունեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս։ Նախարար Արա Այվազեան նախ առանձնազրոյց մը ունեցաւ իր պաշտօնակցին հետ, իսկ աւելի վերջ տեղի ունեցան ընդլայնուած կազմով քննարկումներ։ Երկու նախարարները հանդէս եկան նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։

Յայտարարութիւններուն մէջ նախ մանրամասնութիւններ հաղորդուեցան նախարարներուն կողմէ կատարուած քննարկումներուն շուրջ։ «Մենք այստեղ ենք օգնելու եւ աջակցելու համար», յայտնեց Լանտսպերկիս եւ աւելցուց, որ իր երկիրը կը միանայ Եւրոմիութեան դիրքորոշման, որով կ՚ակնկալուի յետպատերազմեան ներկայ շրջանին բոլոր գերիներու վերադարձուիլը։ Սա անհրաժեշտ է։

Իր կարգին Արա Այվազեան յոյս յայտնեց, թէ միջազգային գործընկերները կ՚արձագանգեն Արցախին օգնելու մարդասիրական կոչին։ Լանտսպերկիսն ալ նշեց, որ Եւրոմիութիւնը կրնայ աւելի խորապէս ներգրաւուիլ Հայաստանի համար աջակցութեան գործին։ «Կը կարծեմ՝ կրնանք գտնել ուղիներ ԵՄ-ի կողմէ տրուող աջակցութեան ընդլայնման համար։ Անհրաժեշտ է Երեւանի կողմէ պաշտօնական յստակ պատգամ մը», աւելցուց ան։  

Երեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2021