ԵՐԵՒԱՆ ՆԿԱՏԱԾ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Երեւանի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս արձագանգեց Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ 24 Ապրիլին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքին ուղարկուած նամակին, որու բովանդակութեան մէջ պատրաստակամութիւն յայտնուած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ յայտարարեց, որ Երեւան նկատած է այդ յայտարարութիւնը, սակայն կը նախընտրէ գործնական քայլեր տեսնել Անգարայէն։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, յատկանշական համարուած է, որ Թուրքիայէն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու մտադրութեան մասին արտայայտութիւն կատարուած է Հանրապետութեան նախագահի մակարդակով։ Սա կը մեկնաբանուի ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ կատարուած յայտարարութեան համայնապատկերին վրայ։

«Մենք ծանօթ ենք Թուրքիոյ նախագահի նամակին եւ այնտեղ հնչած պատրաստակամութեան, բայց պէտք է նշեմ, որ մենք կը կարեւորենք ո՛չ միայն խօսքերը, այլեւ՝ գործերը. բան մը, որու մասին մենք շատ յստակ արտայայտուած ենք։ Նախապէս ալ եղած են նման ուղերձներ, նոյնիսկ եղած է ստորագրուած երկկողմանի փաստաթուղթ, որ սակայն չէ ունեցած դրական շարունակութիւն։ Անգամ մը եւս կ՚ուզեմ վստահեցնել, թէ մեզի համար կարեւոր են ո՛չ թէ խօսքերը, այլեւ՝ գործերը», ըսաւ Արա Այվազեան։

Հայ նախարարը այս յայտարարութիւնները ըրաւ Երեւանի մէջ Լիթվայի արտաքին գործոց նախարարին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2021