ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Վարդինէ Օհանեան, որ վերջին օրերուն Հայաստան այցելեց՝ որպէս նախագահ Միշել Աունի յատուկ ներկայացուցիչը, երէկ բարձր մակարդակի վրայ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այս ծիրէն ներս ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Վարդինէ Օհանեան զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կ՚ընդգծէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու անոր տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի կարեւորութիւնը։

Վարդինէ Օհանեան Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի կողմէ։ Բաց աստի, ան մէկտեղուեցաւ նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Վահրամ Տումանեանի հետ։ Այս առթիւ անոնք փաստաթուղթ մըն ալ ստորագրեցին երիտասարդութեան ուղղեալ ծրագիրներու շուրջ համագործակցութեան նպատակով։  

Երեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2021