ՅՍՏԱԿ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութիւն եւ Մաքրոն գոհունակութիւն յայտնեցին, որ իրադրութիւնը կը մնայ հանգիստ եւ կը շարունակուի Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերւած համաձայնութիւններուն ուղղութեամբ ծրագրաւորեալ աշխատանքը։ Երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնուեցաւ համակարգելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման զանազան երեսակները՝ ներառեալ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գծով։

Էլիզէի պալատի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Փութին եւ Մաքրոն համաձայնած են հանդէս գալ յստակ նախաձեռնութիւններով՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կայունացման նպատակով։ Ֆրանսացի ղեկավարը ռուս պաշտօնակցին հետ զրուցելու ընթացքին ընդգծած է պատանդներու, մարդասիրական աջակցութեան եւ ժառանգութեան պահպանման հարցերու մէջ յստակ յառաջընթացի հասնելու անհրաժեշտութիւնը։ Երկու նախագահներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է վերականգնելու համար ջանքերը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս, իրավիճակի տեւական կարգաւորման հասնելու ուղղութեամբ։

Հարկ է յիշեցնել, որ շաբաթավերջին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ հեռախօսազրոյցներ ունեցած էր թէ՛ Փութինի եւ թէ Մաքրոնի հետ, որոնք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երեք երկիրներէն երկուքի ղեկավարները կը հանդիսանան։

Համանախագահ երրորդ երկիրն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որու Երեւանի մօտ դեսպանը՝ Լին Թրէյսի վերջին օրերուն ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հայկական ծառայութեան։ Այս առթիւ Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ ներկայիս առկայ են լուծման կարօտ բազմաթիւ հարցեր՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը։ Լին Թրէյսի նշեց, որ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ համագործակցութիւնը ընդլայնելու համար կան հնարաւորութիւններ։ «Մենք կը տեսնենք միասին աշխատելու հնարաւորութիւններ՝ ներառեալ, անվտանգութեան ոլորտի մէջ։ Մենք պիտի փորձենք խթանել այդ հնարաւորութիւնները եւ օգտուիլ անոնցմէ», ըսած է Լին Թրէյսի հարցազրոյցի ընթացքին։

ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԱՄԱԿԸ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակ մը ուղարկեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին։ Յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ գերիներու վերադարձի ձգձգումը կը շարունակէ մնալ հրատապ նիւթ։ Այս իրավիճակին մէջ Արմէն Սարգսեանն ալ այս խնդրին անդրադարձած է Անթոնիօ Կութերեսին հասցէագրած նամակին մէջ։ Յիշեցնելով հրադադարի համաձայնութեան պայմանները՝ Արմէն Սարգսեան ընդգծած է, որ անոնք Ատրպէյճանի կողմէ արհամարհանքի կ՚ենթարկուին։ Մարդու իրաւանց եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներով ներկայիս Ատրպէյճան կը շարունակէ մերժել ու խոչընդոտել՝ իր պատանդ պահած հայ քաղաքացիական անձերու եւ ռազմագերիներու վերադարձը։ «Հայաստան բոլոր գերիներու շուտափոյթ վերադարձի հարցին մէջ աջակցութիւն կ՚ակնկալէ միջազգային գործընկերներէն», ընդգծած է նամակին մէջ Արմէն Սարգսեան։

ՏԵՒԱԿԱՆ ԳՐԳՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մինչ այդ, յետպատերազմեան բարդ իրավիճակի մէջ Պաքուէն անընդհատ կը հնչեն զանազան սադրիչ յայտարարութիւններ, որոնք գործնականօրէն գրգռիչ բնոյթ ունին եւ կը խոչընդոտեն տարածքաշրջանէ ներս փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորուիլը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ կրկին յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՚աշխատի «Զանգեզուրի փոխադրութեան միջանցքի» ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ սա պիտի դառնայ Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի մէկ մասը, Ասիան Եւրոպայի հետ պիտի միացնէ։ Այդ միջանցքը թոյլ պիտի տայ, որ Ատրպէյճան Եւրոասիոյ կեդրոնին ամրապնդէ իր դիրքերը։ Ալիեւ գործընկեր երկիրները հրաւիրեց՝ ուսումնասիրելու տարածքաշրջանային այդ նախագծի հեռանկարները։

Անցեալ շաբաթ Իլհամ Ալիեւ վստահեցուցած էր, թէ ի կատար պիտի ածեն «Զանգեզուրի միջանցքը» իրականացնելու խնդիրը՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ Հայաստան կը յօժարի՞ կամ ոչ։ Եթէ Հայաստան փափաքի, խնդիրը կարելի է լուծել դիւրութեամբ, այլապէս, Ալիեւի խօսքով՝ այդ լուծումը կ՚ապահովուի ուժով։ «101 տարի վերջ Ատրպէյճանի ժողովուրդը կը վերադառնայ բռնագրաւեալ Զանգեզուր», ըսած էր Ալիեւ։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ ՀԱՅ ՀՈՎԻՒԻ ՄԸ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿԵՑԱՆ

Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն հասած լուրերը կը շարունակեն մնալ մտահոգիչ։ Վերջին գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնը ապրուած է սահմանակից Արաւուս գիւղին մէջ։ Երէկ, Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան տեղեկացուց, որ այդ գիւղէն հովիւ մը Ատրպէյճանի զինուորներուն կողմէ քաշքշուած է ու ենթարկուած հարուածներու։ Այս յանցաւոր ոտնձգութիւնը կը հաստատէ Սիւնիքի շուրջ անվտանգութեան գօտիի մը ձեւաւորման հրատապ անհրաժեշտութիւնը։ Երէկ արձագանգ գտած այս դէպքը տեղի ունեցած է ապրիլի 18-ին, հովիւի տունէն շուրջ 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ, արօտավայրի մէջ, ժամը 17.00-18.00-ի սահմաններուն, երբ հովիւը կը գտնուէր Ատրպէյճանի դիրքերէն շուրջ 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Իրեն մօտեցած է Ատրպէյճանի բանակէն երեք զինուոր։ Զէնքի ցուցադրումով այդ զինուորները սպառնացած են հովիւին։ Այնուհետեւ անոնցմէ երկուքը հովիւը քաշքշելով փորձած են հարկադրաբար տեղափոխել Ատրպէյճանի դիրքերու ուղղութեամբ՝ դէպի խրամատ։ Այդ ընթացքին անընդհատ սպառնալիքներ եւ հայհոյանքներ հնչած են։ Այնուհետեւ, երբ տեսած են, որ հովիւի օգնութեան կու գան Հայաստանի զինեալ ուժերու ծառայողներ, Ատրպէյճանի զինուորականները թողած են հովիւը եւ անմիջապէս հեռացած՝ դէպի իրենց դիրքերը։

Արաւուս գիւղի նոյն հովիւի նշած վայրին մէջ ապրիլի 20-ի երեկոյեան ժամերուն ալ Ատրպէյճանի զինուորականները հրազէնի բացայայտ ցուցադրումով սպառնալիքներ հնչեցուցած են։

Արման Թաթոյեանի գրասենեակի արձագանգած այս ամբողջ խնդիրները հաստատուած են նաեւ Արաւուսի գիւղապետին կողմէ։ Թաթոյեանի գրասենեակը դէպքին վերաբերեալ տեղեկութիւնները կը պատրաստուի միջազգային համապատասխան կառոյցներու  նկատառման յանձնել։

Սիւնիքի մարզի առկայ բարձիթողի վիճակը միշտ պատճառ կը դառնայ Հայաստանի իշխանութիւններու դէմ քննադատութիւններու, որովհետեւ անոնք թէ՛ անգործութիւն եւ թէ անտարբերութիւն կը ցուցաբերեն այս բոլորին դէմ։ Ընդդիմադիր լրատուամիջոցներ երէկ արձագանգ հանդիսացան նաեւ Քաջարանի քաղաքապետ Մանուէլ Փարամազեանի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց այս իշխանութիւնը ռումբ դրած է Սիւնիքի տակ եւ այդ մէկը օր մը պիտի պայթի։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2021