ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՄԱՏԵԱՆ

Պատրիարքական Աթոռը այս օրերուն հրատարակած է յատկանշական գիրք մը, որ ոգեկոչման մատեան մըն է։ Աթոռի նախորդ գահակալին՝ երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին ձօնուած է սոյն հատորը։ Հոգելոյս պատրիարքի՝ մօտաւոր անցեալի վախճանման երկրորդ տարելիցին առթիւ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն է այս մէկը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկութիւններ փոխանցեցին այս գիրքին շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Գումգաբուէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշեանի հրամանաւ եւ օրհնութեամբ՝ երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի վախճանման երկրորդ տարելիցին առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ հրատարակուեցաւ յուշամատեան մը։

Հատորը կը բացուի երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի մեծադիր լուսանկարով, կենսագրութիւնով եւ ապա մահազդով։ Հատորը պատրաստուած է Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի կողմէ, որ գրի առած է նաեւ առաջնորդող խօսքը. «Համեստ փունջ մը երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր յիշատակին»։

Հատորը, որ կը բաղկանայ 21x21 սմ. չափերով 384 էջերէ եւ կ՚ընդգրկէ երանաշնորհ Պատրիարք Հօր վախճանումէն մինչեւ քառասունք գրի առնուած պաշտօնական նամակներէ, տոմարի արձանագրութիւններէ, համացանցի կամ մամլոյ սիւնակներուն մէջ լոյս տեսած երկար կամ կարճ, հայերէն կամ այլալեզու գրութիւններէ։

Այս մասին խմբագիրը կ՚ըսէ. «Խորհեցանք, որ Մեսրոպ Պատրիարքի նման գրասէր ու գրքասէր անհատականութիւն մը ոգեկոչելու լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլար գիրք մը հրատարակել՝ նոր գիրք մը աւելցնել հայ գիրքի հինգհարիւրամեայ հաւաքածոյին։ Ահաւասիկ իր երկրորդ տարելիցին առթիւ, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը, հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, այդ գրութիւններէն փունջ մը կը հրատարակէ, ձօնուած՝ իր մեծանուն գահակալի բարի յիշատակին»։

Իր ժողովուրդին, յատկապէս իսթանպուլահայ համայնքի կարօտցած հովուապետը յիշեցնելու նպատակաւ, գրութիւններու վերջաւորութեան կազմուած է լուսանկարներու հարուստ բաժին մը՝ երանաշնորհ Պատրիարք Հօր կեանքին զանազան շրջաններէն հաւաքուած։

Իսկ փակման խօսքն է քառասունքի առթիւ մատուցուած Ս. Պատարագի քարոզը, որ խօսած էր Աթոռոյ այժմու գահակալը՝ այն շրջանի Տ. Սահակ Եպիսկոպոսը։

Հատորի կողքը պատրաստուած է Արիս Քարաֆիլի կողմէ, հիմք ունենալով նկարիչ-արձանագործ Էրօլ Սարաֆեանի պատրաստած դիմանկարը։ Այս հատորի նպատակն է անգամ մը եւս յիշել ու յիշատակը վառ պահել երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր։

Նկատի ունենալով, որ համավարակի պատճառաւ սահմանափակումները կը շարունակուին, ներկայիս կարելի չ՚ըլլար շնորհանդէս մը կազմակերպել։ Սակայն երբ առողջապահական պայմանները գոյանան՝ պիտի կազմակերպուի շնորհանդէս մը, որպէսզի կարելի ըլլայ գիրքը ծանօթացնել մեր ընթերցող հասարակութեան։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

… Սուրբ Աթոռոյս յիշատակ ընծայողաց Ինքն ողորմեսցի։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2021