ՎՃՌԱԿԱՄ ՈՒ ՊԱՂԱՐԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Ապրիլի 24-ին կատարուած յայտարարութեան արձագանգները կը շարունակուին՝ բնորոշելով Թուրքիոյ օրակարգը։ 1915-ի դէպքերու Սպիտակ տան կողմէ ցեղասպանութիւն որակուիլը Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ցնցում մը յառաջացուցած է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ լուրջ փորձութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուին թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները։ Թրքական կողմը ներկայիս շատ վճռակամ ու նոյնքան պաղարիւն հակազդեցութիւնով մը հանդէս կու գայ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ այդ դիրքորոշման թարգման հանդիսացաւ իր ծաւալուն յայտարարութիւններով։ Անգարա ներկայիս կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի Ուաշինկթըն ետ կանգնի իր առած սխալ քայլէն։ Ազգային մեծ ժողովը կը պատրաստուի յայտարարութիւնով մը հակազդել Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած 24 Ապրիլի պատգամին։ Մինչ այդ, երէկ, Իսթանպուլի մէջ բողոքի ցոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի հիւպատոսարանին առջեւ։

Նախագահ Էրտողան կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ յայտարարեց, որ կարելի չէ թուրք ազգը ցեղասպանութիւնով պիտակաւորել։ Անգարայի տեսակէտները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին հետ զուգահեռականի մէջ մատուցեց Հանրապետութեան նախագահը եւ շեշտեց, որ Թուրքիա պատմութեան ցաւերը երբեք մրցակցութեան մէջ չի դներ։ Ըստ իրեն, Պայտընի յայտարարութիւնը կատարուած է հայկական արմատական շրջանակներու եւ հակաթուրք խմբաւորումներու ճնշումով։ Յամենայնդէպս, այս երեւոյթը չի կրնար վերացնել այն կործանիչ ազդեցութիւնները, որոնք ի յայտ եկած են թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։

«Մենք հայ հասարակութեան հետ որեւէ խնդիր, դժուարութիւն չունինք։ Հազար տարիէ ի վեր նոյն հողերու վրայ կ՚ապրինք այս մարդոց հետ եւ անոնց մէկ մասին հետ տակաւին մեր կեանքը կ՚ընթանայ խաղաղութեան եւ անդորրութեան մէջ։ Ինչպէս որ ալ հիմնուած ըլլայ՝ Հայաստանի պետութեան հետ կը փափաքինք բարիդրացիութեան հիմքով յարաբերութիւններ հաստատել։ Այս նպատակով վերջին տասնվեց տարիներու ընթացքին միշտ քայլեր առինք եւ զոհողութիւնը միշտ մեզի վիճակեցաւ։ Դժբախտաբար մեր այդ քայլերուն փոխարէն անկեղծութիւն չգտանք», ըսաւ Էրտողան ու նշեց, որ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կարգաւորուած է եւ նոր համագործակցութեան մը մթնոլորտը ստեղծուած։ Պայտընի յայտարարութիւնը թէ՛ այդ գործընթացը եւ թէ երկկողմանի յարաբերութիւնները կը վնասէ։ Նախագահը ընդգծեց, որ Թուրքիա միշտ պատրաստ եղած է բոլորի հետ խօսելու, բոլոր հարթութիւններու վրայ։

Հուսկ, Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ յունիսին Պայտընի հետ նախատեսուած ժամադրութեան ընթացքին բոլոր հարցերը երես առ երես պիտի արժեւորուին։ «Կը հաւատամ, թէ նոր շրջանի մը դուռը պիտի բանանք», ըսաւ Էրտողան եւ ընդգծեց, որ Թուրքիա եւ ԱՄՆ կը հանդիսանան ՆԱԹՕ-ի երկու կարեւոր դաշնակից։ Ան հարց տուաւ, թէ միթէ հայկական լոպին աւելի՞ նախընտրելի է Թուրքիոյ բաղդատմամբ։ Այլապէս, Թուրքիա ուրիշ ճար պիտի չունենայ, եթէ ոչ 24 Ապրիլի յայտարարութիւններով երկկողմանի յարաբերութիւններու իջած մակարդակին համապատասխան քայլեր կեանքի կոչելէ։  

Երեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2021