ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ ՁԵՒԱԿԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն եւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը։

Սա ձեւական հրաժարական մըն է՝ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանէ ներս ծագած քաղաքական լուրջ տագնապի մը մթնոլորտին մէջ։ Յառաջիկայ յունիսի 20-ին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն նախատեսուած է երկրէն ներս։

Հայաստանի խորհրդարանի քաղաքական ուժերը արդէն երաշխիք տուած են, թէ նոր վարչապետի մը թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրեն։ Այդ երաշխիքով Նիկոլ Փաշինեան յօժարած է ձեռնարկել արտահերթ ընտրութեան։ Գործնականօրէն ան վարչապետի պաշտօնակատար պիտի մնայ մինչեւ ընտրութիւնները եւ երկրին ղեկը պիտի պահէ այդ ճակատագրական փուլին ընդառաջ։

Իշխանութիւնները վերջին շրջանին փոփոխութեան ենթարկեցին նաեւ երկրի ընտրական օրէնսդրութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան մերժեց վաւերացնել այդ փոփոխութիւնները, սակայն նաեւ ձեռնպահ մնաց Սահմանադրական ատեան դիմելէ։ Հայաստանի օրէնսդրութեան մէջ նախատեսուած ձեւով՝ այդ փոփոխութիւնները երէկ ի զօրու դարձան իրաւունքի ուժով։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան վաւերացուց այն փոփոխութիւնները, որոնք չէին հաստատուած Հանրապետութեան նախագահին կողմէ։ Արարատ Միրզոյեան երէկ տեղեկացուց նաեւ, որ մայիսի 3-ին, ժամը 12.00-ին, իրաւունքի ուժով խորհրդարանի յատուկ նիստ տեղի պիտի ունենայ՝ վարչապետի ընտրութեան հարցի քննարկման համար։ Նկատի ունենալով, որ Փաշինեան յունիսի 20-ին արտահերթ ընտրութիւն նախատեսած է, իշխանութիւնները յառաջիկայ գործընթացի ժամացոյցը կը բանեցնեն ըստայդմ։ Ըստ Սահմանադրութեան՝ վարչապետի հրաժարականէն վերջ եօթնօրեայ ժամկէտի ընթացքին խորհրդարանական խմբակցութիւնները իրաւունք ունին առաջադրելու իրենց վարչապետի թեկնածուները։ Խորհրդարանի կողմէ վարչապետը կ՚ընտրուի երեսփոխաններու ընդհանուր թիւի քուէներու մեծամասնութեամբ։ Եթէ վարչապետը չընտրուի, քուէարկութենէն եօթ օր վերջ տեղի կ՚ունենայ նոր ընտրութիւն մը։ Այս անգամ վարչապետի ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք կ՚ունենան այն թեկնածուները, որոնք առաջադրուած կ՚ըլլան երեսփոխաններու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ երրորդին կողմէ։ Եթէ այդ փուլին ալ վարչապետ չընտրուի, ապա խորհրդարանը կ՚արձակուի իրաւունքի ուժով։

Այժմ, ընդհանուր առմամբ այս հունին մէջ պիտի ընթանան իրադարձութիւնները։ Խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը տեղեկացուցած է, որ իրենք վարչապետի պաշտօնին համար պիտի առաջադրեն Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը։ Խորհրդարանի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները վստահեցուցած են, թէ վարչապետի թեկնածու պիտի չներկայացնեն։ Նոր ընտրութիւններով իշխանութիւնները յոյս ունին լուծում գտնել պատերազմէ վերջ Հայաստանէ ներս ծագած քաղաքական տագնապին։ Յամենայնդէպս, բազմաթիւ մասնագէտներ կ՚ընդգծեն, որ հրաժարական տուած վարչապետ մը չի կրնար վարչապետի պաշտօնակատար մնալ՝ ըստ երկրի օրէնսդրութեան։ 25 ապրիլ 2018 թուականին, իշխանութեան գլուխ գալէ անմիջապէս առաջ, այդ շրջանի վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականէն վերջ ալ Նիկոլ Փաշինեան ինքն իսկ ըրած էր այդպիսի յայտարարութիւն մը։ Յամենայնդէպս, այժմ գործնականութիւնով ու ամէն ինչի պարագային ի զօրու դարձած վտանգաւոր նախընթացներու ձեւաւորման հունով, անհեռատեսութեամբ յառաջ կը տարուի այս գործընթացը։ Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւնները հակառակ գնահատականի արժանացած են Վենետիկի յանձնաժողովին եւ ԵԱՀԿ-ի համապատասխան կառոյցներուն կողմէ։

Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Հրանդ Բագրատեան յայտարարեց, որ, եթէ խորհրդարանի ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնները չառաջադրեն վարչապետի իրենց թեկնածուն, ուրեմն անոնք քաղաքական ուժ չեն համարուիր, այլեւ ներկայ իշխանութիւններու սպասարկուն ու խամաճիկը կը դառնան։

Նախկին նախարարներէն Արմէն Աշոտեան, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն է, նոյնպէս քննադատեց ներկայիս որդեգրուած ընթացքը։ «Ընտրութիւնները Հայաստանի պետականութեան անբարունակ վիճակին նոր էջ մը պիտի բանան», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնը լուծում պիտի չապահովէ Հայաստանէ ներս ստեղծուած խնդիրներուն եւ ընդհակառակն։ Ըստ իրեն, փլուզուող տնտեսութեամբ, օրէ օր խորացող ընկերային ճգնաժամով, սահմանային անվտանգութեան սպառնալիքներով երկիրը չի կրնար ինքզինքին թոյլ տալ ընտրութիւններու ձեռնարկել։ «Սա դժոխքի շղթայի մէկ մասն է», ըսաւ Աշոտեան։

Իր կարգին, խորհրդարանի նախկին փոխ-նախագահներէն Արփինէ Յովհաննիսեան, որ նոյնպէս Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն է, համոզուած է, թէ Նիկոլ Փաշինեան կը սպաննէ Հայաստանի ապագան երկրի քաղաքացիներուն միջոցաւ՝ ներարկելով անոնց հիասթափութիւն, յուսալքութիւն եւ արտագաղթի ցանկութիւն։ «Աշխարհաքաղաքական հանգամանքներու եւ իրադարձութիւններու հատման կէտին վրայ սա իրեն պարտադրուած իրավիճակ մըն է, ուր ինք աւելի յարմար գտաւ երթալ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրեն յարմար ժամանակով, իրեն յարմար բեմագրութիւնով», ըսաւ Արփինէ Յովհաննիսեան եւ աւելցուց, որ Նիկոլ Փաշինեանի փափաքն է առնուազն մարդիկ չմասնակցին ընտրութեան, իսկ առաւելագոյնը՝ լքեն երկիրը։ 

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Համատարած քննադատութիւններու մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել նաեւ Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան։ Ան վերջին շրջանին ծանրակշիռ յայտարարութիւններ կը կատարէ իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած ընթացքին կապակցութեամբ։ Տէր-Պետրոսեան երէկ ալ հերթական անգամ իր մօտեցումները հանրային կարծիքին հետ բաժնեց «www.ilur.am» կայքէջի միջոցաւ։ Ան իր մտահոգութիւնները բանաձեւեց յառաջիկայ ընտրութիւններու օրինակարգութեան ապահովման տեսանկիւնէն։ Առաջին նախագահը ըսաւ. «Կը յորդորեմ քաղաքական բոլոր ուժերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Սահմանադրական ատեանի դատաւորներուն եւ յատկապէս՝ վարչապետի հետ, ըստ երեւոյթին, հակասահմանադրական պայմանաւորուածութեան մէջ մտած Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» ու «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւններուն՝ ամենայն լրջութեամբ վերաբերուիլ Սահմանադրական ատեանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Էտկար Ղազարեանի «Համաձայն Սահմանադրութեան՝ վարչապետը հրաժարական ներկայացնելէ յետոյ պաշտօնավարման իրաւունք չունի» վերնագիրը կրող յօդուածին մէջ եւ անոր յաջորդած հրապարակումներուն մէջբերուած փաստարկներուն։ Այդ փաստարկները հաշուի չառնելու պարագային վերոյիշեալ բոլոր ենթակաները պատասխանատու պիտի դիտուին յառաջիկային նախատեսուած հակասահմանադրական ընտրութիւններու իրականացման գործին մէջ։ 2018 թուականի դեկտեմբերի 9-ի նոյնքան հակասահմանադրական ընտրութիւնները՝ կայացած համաժողովրդական անկասելի ոգեւորութեան վերելքի պայմաններուն ներքեւ, ըլլալով ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման թերեւս միակ միջոցը, ամենեւին չեն կրնար իրաւական նախադէպ հանդիսանալ յառաջիկայ ընտրութիւններու օրինակարգութիւնը հիմնաւորելու համար»։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2021