ԱՆԽԱՓԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես ուղեւորութեան ձեռնարկած է դէպի Մոսկուա եւ Քիեւ։ Ան երէկ Քրեմլինի պալատէն ներս հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Ընդհանուր քարտուղարը օրուան տեւողութեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Ըստ միջազգային աղբիւրներու, Փութին Կութերեսի նկատառման յանձնած է Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատուիրակութիւններուն միջեւ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն վերջ ստեղծուած իրավիճակը։ Փութինի խօսքով՝ Ուքրայնա այդ բանակցութիւններուն ժամանակ արտայայտած դիրքորոշումներուն մէջ աւելի վերջ փոփոխութեան գացած է։ Յամենայնդէպս, ան յոյս յայտնած է, թէ դիւանագիտական ճանապարհով լուծման մը հասնիլ հնարաւոր պիտի ըլլայ։

Կութերես այս ուղեւորութենէն առաջ հանդիպած էր Անգարա, իսկ իր Մոսկուայի շփումներուն օրը հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ։ Երկու ղեկավարները շօշափեցին պատերազմի վերջին իրադարձութիւնները։ Էրտողանի խօսքով՝ խաղաղութեան ճանապարհին Իսթանպուլի բանակցութիւններուն ժամանակ ապահովուած դրական թափին տեւականացումը նպաստաւոր պիտի ըլլայ բոլորին տեսակէտէ։ Էրտողան մատնանշած է հրադադարի մը ապահովուիլը, մարդասիրական միջանցքներու աշխոյժ ձեւով բանեցուիլը եւ անվտանգ տարհանումներու կազմակերպումը։ Ըստ Էրտողանի, առկայ ընթացքը վնասակար է բոլորին տեսակէտէ եւ Թուրքիա պիտի շարունակէ հնարաւոր ջանքերը գործադրել՝ մշտական խաղաղութեան հաստատման համար։ Էրտողան կրկնեց նաեւ իր հրաւէրը, որպէսզի Թուրքիոյ տանտիրութեամբ հանդիպում մը տեղի ունենայ Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Արդարեւ, Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններուն մէջ կարեւոր շեմ մը հանդիսացած էր Իսթանպուլի բանակցութիւնները եւ այդ մէկը պէտք է բարձրացնել ղեկավարներու մակարդակին։

Իր կարգին, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ յոյս յայտնեց, որ մօտ օրերս տեղի կ՚ունենայ Փութին-Զելենսքի հանդիպումը։

Մոսկուայի աղբիւրներն ալ այս առաւօտ ուշագրաւ հրապարակումներ ըրին։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ բարձր ճշգրտութեամբ հրթիռներով ոչնչացուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան կողմէ Ուքրայնային տրամադրուած զէնք-զինամթերքը։

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ ռուսական կողմը լուրջ չի վերաբերիր Ուքրայնայի հետ հակամարտութիւնը դիւանագիտական ճանապարհով լուծելու նկատմամբ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2022