ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ՄՈՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նոր Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ «Ռայսինայի երկխօսութիւն» համաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Քննարկուեցան արդի աշխարհի զանազան մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիները եւ այս առումով համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ Միրզոյեան եւ Մոտի շօշափեցին նաեւ հայ-հնդկական յարաբերութիւններու ընթացքը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2022