ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։ Այս վերջինը Պաքու այցելած էր Ռուսաստան-Ատրպէյճան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի լիագումար նիստին առթիւ եւ զուգահեռաբար ընդունուեցաւ Ալիեւի կողմէ։ Ռուս փոխ-վարչապետը Պաքուի մէջ տեղեկացուց, որ այս տարի «Քամազ» ինքնաշարժներու շինութեան գործարանը շահագործման պիտի յանձնուի Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հատուածէն ներս։ Ալեքսէյ Օվերչուք, միեւնոյն ժամանակ, մաս կը կազմէ այն աշխատանքային խումբին, որ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ ստեղծուած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով զբաղելու նպատակով։

Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ալիեւ-Օվերչուք զրոյցին ժամանակ անդրադարձ կատարուած է եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութեան։ 

Միւս կողմէ, Իլհամ Ալիեւ այս առաւօտ հիւրընկալեց նաեւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլին։ Այս առթիւ Ալիեւ յայտնեց, որ մանաւանդ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին Ատրպէյճան, Վրաստան եւ Հայաստան լաւ հնարաւորութիւններ ունին եռակողմանի ձեւաչափին մէջ համագործակցութեան համար։ Պաքու պատրաստ է այդ բանին։ Վրաստանն ալ կը բաժնէ այդ դիրքորոշումը։ Ուստի, Ալիեւ յոյս յայտնեց, թէ Երեւան կը հասկնայ, որ սա տարածաշրջանէ ներս կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման միակ ճանապարհն է։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2022