ՊԼԻՆՔԸՆ. «ԱՄՆ ԴԷՄ Է ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՍՐՄԱՆ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ իր երկիրը հանդէս կու գայ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ հակամարտութիւնը երկարաժամկէտ սկզբունքով լուծելու ի նպաստ, ինչպէս նաեւ դէմ է այս առումով միակողմանի քայլերու։

«Ես շատ աշխոյժ եւ անմիջականօրէն շփուած եմ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ։ Մասնաւորապէս վերջերս՝ շաբաթ մը առաջ հեռախօսազրոյցներ ունեցայ վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի հետ, ինչպէս նաեւ այս երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ՝ փորձելով խթանել Լեռնային Ղարաբաղի հարցի երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման հեռանկարները։ Այս կապակցութեամբ Ուաշինկթըն կը մշակէ եւ կը խթանէ վստահութեան ամրապնդման զանազան միջոցառումներ։ Մենք դէմ ենք որեւէ միակողմանի գործողութեան, յատկապէս Ատրպէյճանի կողմէ, որ միայն կը սրէ իրավիճակը», յայտնեց Պլինքըն։

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի՝ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Խավիէ Քոլոմինան։ Վարչապետը այս առթիւ դիտել տուաւ, որ տարածաշրջանէ ներս իրավիճակը բաւական լարուած է եւ հայկական կողմը քայլերու կը ձեռնարկէ առկայ խնդիրներու կարգաւորման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2022